Հինգշաբթի, 25 Յունուար 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի «Միջերկրականի Հիւսիս-Արեւելեան Գօտիի Հայկական Համայնքներ. Մուսա Տաղ – Տէօրթ Եօլ – Քեսապ» հատոսի ողջունահանդէսը։ Ձեռնարկը կը վայելէ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը եւ տեղի կþունենայ կազմակերպութեամբ Ազգ. Առաջնորդարանի Մշակութային-Դաստիարակչական Յանձնախումբին։
Հատորը պիտի ներկայացնէ հեղինակը՝ Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։
Մուտքը ազատ է։ Տեղի պիտի ունենայ գեղարուեստական յայտագիր եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն։