Արեւմտեան Մեր Թեմէն Երիտասարդներ Պիտի Մասնակցին Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Յակուկ Ամառնային Դասընթացքին

Հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին, 5էն 18 Օգոստոսին, Անթիլիասի մայրաքանքէն ներս տեղի պիտի ունենայ երիտասարդական ամառնային երկշաբաթեայ յատուկ դասընթացք մը, մասնակցութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան, Արեւելեան եւ Քանատայի թեմերէն երիտասարդներու։

Արեւմտեան մեր Թեմէն պիտի մասնակցին վեց երիտասարդներ. Շահան Աթմաճեան, Գարին Այվազեան, Լարա Տէմիրճեան, Վանա Տէմիրճեան, Յովիկ Ջաղացպանեան եւ Փառէն Տէր Պետրոսեան։

Դասընթացքը պիտի ընդգրկէ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան, Ս. Գրային, ծէսի, միջ-եկեղեցական յարաբերութեան, միջ-կրօնական երկխօսութեան, եւ Հայ Դատի առնչուած նիւթեր, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ դերը այսօր։

Երիտասարդները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն ժամերգութեանց ինչպէս նաեւ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով Ս.
buy levaquin online www.mobleymd.com/wp-content/languages/new/levaquin.html no prescription

Պատարագին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022