Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան Տօներուն Առթիւ Առաջնորդ Սրբազանն ու Հոգեւորականաց Դասը Այցելեցին «Արարատ Տուն»


Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, ու պահպանելով տարիներու բարի աւանդութիւնը, Թեմիս հոգեւորականաց դասը այս տարի եւս հոգեւոր նուէրներով այցելեց «Արարատ Տուն» եւ հաստատութեան պատսպարեալները համակեց զուարթ մթնոլորտով:

Երեքշաբթի, 29 Դեկտեմբեր 2015ի առաւօտեան, Թեմիս հոգեւորականաց դասու անդամներ, գլխաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, այցելեցին «Արարատ Տան» բաժինները ու օրուան յատուկ արարողութիւններով Ս. Ծննդեան աւետիսը տուին պատսպարեալներուն ու անձնակազմին:

Հիւանդանոցի բաժինին մէջ, նախքան արարողութիւնը, հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Ժոզեֆ Կանիմեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրն ու հոգեւորականները եւ երախտապարտութիւն արտայայտեց հետեւողական այցելութեանց եւ հոգեւոր կարիքներու բաւարարման համար: Ի գնահատութիւն Առառնորդ Սրբազան Հօր «Արարատ Տան» հանդէպ ունեցած երկար տարիներու զօրակցութեան, ան Առաջնորդ Սրբազան Հօր ներկայացուց «Արարատ Տան» ցկեանս պատուոյ անդամագրութեան վկայագիր:

Արարողութիւնը ընթացք առաւ հաստատութեան օրհնութեամբ եւ Ս. Ծննդեան առթիւ ջրօրհնէքի արարողութեամբ: Տարեց հայրեր ու մայրեր ձայնակցեցան Ս. Ծննդեան շարականներուն, ապա ստացան Ս. Հաղորդութիւն: Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր օրհնութեան խօսքը արտասանեց, գնահատելով եւ օրհնելով հոգաբարձութիւնն ու անձնակազմը, եւ բարեմաղթութիւններ փոխանցեց բնակիչներուն, որոնք կը վայելեն հաստատութեան մնայուն խնամքը։ Տօնին խորհուրդով լի իր պատգամին մէջ, ան շեշտեց որ բոլորս պէտք է միշտ փառք տանք Աստուծոյ իր սիրոյն համար, որուն իբրեւ ապացոյց իր միածին Որդին նուէր տուաւ մարդկութեան։ Ապա, Սրբազան Հայրը այցելեց ու մօտէն ողջունեց տարեցները եւ օրհնեց զանոնք:

Հոգեւորականները այնուհետեւ ուղղուեցան հաստատութեան մատուռը, ուր կատարեցին տօնական օրերու առթիւ յատուկ ժամերգութիւն մը: Տեղի ունեցաւ ջրօրհնէք: Սրբազան Հայրը յորդորեց ներկաները, կանխաւ շնորհաւորեց բոլորին նոր տարին ու Ս. Ծնունդը, որուն ներկաները խանդավառութեամբ «ձեզի մեզի մեծ Աւետիս» պատասխանեցին միաբերան:

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանն ու հոգեւորականները հաստատութեան պատասխանատուներուն ճաշի հիւրը եղան։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը. արտասանուեցան ողջոյնի խօսքեր: Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն անունով շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ընծայուած առիթին եւ հիւրընկալութեան համար, եւ ըսաւ, որ տօնական օրերը առիթ են Աստուծոյ փառք տալու եւ երախտապարտութեան ոգիով շնորհակալ ըլլալու տեսանելի եւ անտեսանելի բոլոր բարիքներուն համար: Խօսք առին նաեւ հաստատութեան պատասխանատուներ եւ հաստատութեան բնակիչ մայրեր, շնորհակալութիւն յայտնելով հոգեւորականաց դասուն մատակարարած հոգեկան ցնծութեան եւ արարողութեանց համար: Սրբազան Հայրը կրկին անգամ խօսք առնելով յուսադրեց բոլոր ներկաները, առողջութիւն, երջանկութիւն եւ արեւշատութիւն մաղթեց անոնց եւ իրենց ընտանիքի բոլոր անդամներուն, յուսալով որ յաջորդ իր այցելութեան, բոլորը դարձեալ ներկայ կ՚ըլլան Աստուծոյ հետ հաղորդակցելու:

Մթնոլորտը աւելի պայծառացաւ նոր տարուան ու Ս. Ծննդեան երգերու խմբական երգեցողութեամբ: Տօնական պահը իր աւարտին հասաւ աղօթքով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգի երգեցողութեամբ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022