Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան Տարեկան Ձեռնարկին


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Կիրակի, 19 Մարտի երեկոյեան ներկայ եղաւ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան տարեկան ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ «Պեւըրլի Հիլզ» պանդոկին մէջ, հիւրընկալութեամբ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան բարերար ամոլին: Ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի, Ազգ. Վարչութեան եւ գաղութի կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատուներ ու ներկայացուցիչներ: Հիմնարկութիւը այս տարի յատուկ յարգանքի արժանացուց ազգային բարերար Տիար Յակոբ Պաղտասարեանը, անոր շնորհելով «Տարուան Մարդը» պատիւը:

Առաջնորդ Սրբազանը իր բացման աղօթքին եւ օրհնութեան խօսքին պահուն դրուատեց Հիմնարկին նուիրեալ ծառայողները եւ անոնց անխոնջ ճիգերը՝ ի խնդիր մեր Դատին հետապնդման, մեր ազգային դիմագիծին պահպանման եւ երիտասարդ սերունդի ուղիին հունաւորման: Ան նաեւ գնահատեց ներկայ բարերարներուն ու նուիրատուներուն նիւթաբարոյական զօրակցութիւնն ու անվերապահ աջակցութիւնը: Առաջնորդ Սրբազանը յատկապէս կանգ առաւ Տիար Յակոբ Պաղտասարեանի բարերարի վաստակին վրայ, նշելով, որ ան «փայլուն օրինակ մըն է բարեգործութեան ու բարի կամեցողութեան, անոր բարերարութիւնները սահման չեն ճանչնար, կը տարածուին մեր գաղութէն մինչեւ մայր հայրենիք. աւելին, ան իր բացած ուղին օրինակելի դարձուցած է իր զաւակներուն, որպէսզի հետեւին իր քայլերուն»: Ան առողջութեան բարեմաղթութիւններ փոխանցեց Ազգային Բարերարին, անոր ազնիւ տիկնոջ՝ Հիլտային եւ զաւակներուն: Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց կոչ ուղղելով համերաշխ գործակցութեան՝ ի խնդիր մեր հայրենիքին, մեր արդար դատին եւ մեր ազգի բարօրութեան:

Ձեռնարկի ընթացքին, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէին կողմէ խօսք առաւ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, իսկ Հայ Մշակութային Հիմնարկութեան կողմէ՝ Տիար Աւետիք Իզմիրլեան: Յայտագիրը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022