Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ «Արարատ Տան» Ամսական Ճաշկերոյթին

«Արարատ Տան» Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը, իւրաքանչիւր ամսուան առաջին Երեքշաբթի օր ճաշկերոյթ կը կազմակերպէ հաստատութեան «Տէօքմէճեան» սրահին մէջ, ի մի խմբելով համայնքի անդամները՝ կազմակերպութեան առաքելութեան աջակցելու նպատակով։ Ըստ տարիներու բարի աւանդութեան, Յունիս ամսուան ճաշկերոյթը կը հիւրընկալուի ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ, մասնակցութեամբ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու եւ բարեկամներու։

Այս առիթով, Երեքշաբթի 5 Յունիս 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ճաշկերոյթին, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց իր օրհնութեան խօսքը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։

Յայտագիրի սկզբնաւորութեան, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Տիկնանց Մարմինի ատենապետուհի՝ Տիկին Ալիս Գաւալճեան։ Ան նշեց, որ այսօր կը նշենք «Հայրերու Տօն»ը, շնորհաւորեց բոլոր հայրերը եւ նշեց, որ այս առիթով Տիար Գրիգոր Չաքեան կ’արժանանայ «Տարուան Հայր» պատիւին։ Յանուն Չաքեան ընտանիքին, սրտի խօսք արտասանեց մեծարեալին զաւակը՝ Տոքթ. Կարօ Չաքեան, իսկ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութեան կողմէ ատենապետուհին՝ Տիկին Սիլվա Փօլատեան, որոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին եւ գնահատեցին «Արարատ Տան» առաքելութիւնը։ Հաստատութեան հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Մայքըլ Սիւրմէեան իր կարգին արտասանեց ողջոյնի խօսք մը, բերկրութեամբ նշեց հաստատութեան իրագործումները, մանաւանդ 12 արտավար հողատարածքի մը ձեռքբերումը։

Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որ օրհնէ «Արարատ Տան» անձնուէր անդամներն ու ՀՕՄ-ը, որոնք նուիրեալ ծառայութիւններ կը մատուցեն մեր ժողովուրդի տարեցներուն։ Ան «Արարատ Տուն»ը կոչեց տուն մը, որ լեցուն է սիրով ու գուրգուրանքով, եւ հաստատուած է հաւատքի ու նուիրումի վրայ, միաժամանակ շնորհաւորեց նոր հողատարածքին ձեռքբերումը։ Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքի անդամներ, Տիար Չաքեանն ու բոլոր հայրերը, մաղթելով առողջ ու երկար տարիներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022