Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Լոս Անճելըսի Քաղաքապետ Կարսեթիի Յետ-վերընտրութեան Զեկուցական Առաջին Հաւաքին


Լոս Անճելըսի քաղաքապետ Էրիք Կարսեթի Հինգշաբթի, 20 Ապրիլ 2017-ի առաւօտուն, շրջանի համայնքային ու քաղաքական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները հրաւիրած էր քաղաքապետարան, ներկայացնելու իր պաշտօնավարութեան առաջին շրջանի իրագործումներն ու յետ-վերընտրութեան աշխատանքային ծրագիրը եւ 2017-2018 տարեշրջանի ամավարկը, շեշտը դնելով երկրորդ շրջանի առաջնահերթութեանց վրայ։

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Ճոն Ֆեռարօ» սրահին մէջ։ Ընդառաջելով հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ հաւաքին, որուն աւարտին շնորհաւորեց քաղաքապետը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ ծրագիրներուն իրականացման։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022