Եպիսկոպոսական Ս. Պատարագ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Մէջ Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին Առիթով

Կիրակի, 30 Սեպտեմբեր 2018 թուականը՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնը յիշատակելի պիտի մնայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն համար:

Արդարեւ, ընդառաջելով հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան հրաւէրին, Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան եպիսկոպոսական Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ իր պատգամը փոխանցեց։

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր թափօրով, «Հրաշափառ»ի երգեցողութեամբ մուտք գործեց: Թափօրին մաս կը կազմէին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան եւ սարկաւագները, որոնք սպասարկեցին Ս. Սեղանին:

Ս. Պատարագին ներկայ էին ծխական շրջանի ազգային երեսփոխաններն ու հոգաբարձութեան եւ յարակից մարմիններու անդամներ, ինչպէս նաեւ ծխական համայնքի հաւատացեալներու բազմութիւն մը:

«Հայր Մեր»էն առաջ, Սրբազան Հայրը տուաւ իր պատգամը, վեր առնելով Վարագայ Ս. Խաչի պատմական հիմքը։ 7-րդ դարու երկրորդ կիսուն, Հայ ժողովուրդը դարձեալ կ’ապրէր ազգային եւ կրօնական իմաստով դժուարին եւ փոթորկալից տարիներ: Հայ ազատատենչ ժողովուրդը անհաւասար պայքար կը մղէր բարբարոսներուն դէմ, յանուն հայրենի հողի եւ քրիստոնէական լոյս հաւատքի, երբ Վարագայ լերան Ս. սեղանին վրայ փայլատակած խաչը լուսաւորեց մեր ժողովուրդի կեանքը: Սրբազան Հայրը ընդգծեց որ Խաչը մեզի համար ապաւէն է, երբ անոր մէջ տեսնենք Աստուծոյ մեծ սէրը, շնորհքները, ու անկէ ճառագայթած յոյսը, լոյսը եւ խաղաղութիւնը, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի զոհաբերութեան մեծ խորհուրդը: Չկայ ժողովուրդ մը, որ այնքան սիրած է խաչը ու ապաւինած է անոր զօրութեան, որքան Հայ ժողովուրդը: Այս մտածումով ալ, ան հարց դրաւ, թէ «այսօր ո՞ւր է խաչին տեղը մեր կեանքին մէջ: Աստուած աղօթքի ճամբով շնորհք ըրաւ Վարագայ լերան վրայ ճգնողներուն՝ ցոյց տալով Քրիստոսի խաչափայտին մասունքին տեղը, որովհետեւ անոնց աղօթքները անանձնական էին, լի սիրով ու ճշմարիտ հաւատքով: Մեր պատմութեան ընթացքին, անցեալին ջերմ աղօթքներու պատասխան ստացան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ Քրիստոնէութեան լոյսը բերաւ Հայաստան, նմանապէս՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոց, որ հիմը դրաւ հայ մշակոյթին, նաեւ Ղեւոնդ երէց եւ սպարապետ Վարդան: Եկէ՛ք, այսօր աղօթքով խնդրենք, որ ինչպէս որ Աստուծոյ կամքը կ’ըլլայ երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ, նոյնպէս ալ Ան մեզ արժանացնէ խաչի լոյսին որ գայ ու հանգչի մեր հոգիներուն մէջ», յորդորեց Սրբազան Հայրը։

Քարոզի աւարտին, Սրբազան Հայրը օրհնեց հաւատացեալ ընտանիքի մը կողմէ եկեղեցւոյս նուիրուած եպիսկոպոսական եւ վարդապետական գաւազանները:

«Տէր ողորմեա»էն առաջ, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, յանուն Քրեսենթա հովիտի եկեղեցւոյ երեսփոխաններուն եւ հոգաբարձութեան, ողջունեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, որ Վարագայ Ս. խաչի տօնին, իր օրհնաբեր այցելութեամբ, մատուցած Ս. Պատարագով եւ ոգեշունչ պատգամով անգամ մը եւս ոգեւորեց եւ խանդավառեց ներկաները, կրկնապատկելով անոնց տօնական ուրախութիւնը, ապա խնդրեց ներկաներէն, որ «Տէր Ողորմեա»ի ընթացքին աղօթք բարձրացնեն առ Աստուած, Առաջնորդ Սրբազան Հօր քաջառողջութեան եւ արեւշատութեան համար, շարունակելու իր հովուական սրբազան առաքելութիւնը մեր տիրախնամ թեմին մէջ, ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայց. Առաք. Ս. Եկեղեցւոյ եւ ի մխիթարութիւն մեր հաւատացեալ ժողովուրդին:

Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն:

Ապա, «Ուրախ լեր» շարականին երգեցողութեամբ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը թափօրով առաջնորդուեցաւ դէպի Ազգային Առաջնորդարանի նախասրահը, ուր օրհնեց Յակոբ Փիլաւեանի հոգւոյն հանգուցեալի ընտանիքին կողմէ տրուած հոգեճաշը: Եկեղեցւոյս երգչախումբն ու ներկայ հաւատացեալները հնչեցուցին «Կիլիկիա»ն եւ «Թագաւոր Երկնաւոր»ը: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը պահպանիչով արձակեց հաւատացեալները։

Կիրակնօրեայի աշակերտները, որոնք արձակուած էին դասարանէն, խմբուեցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ, ուր ստացան Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022