Առաջնորդ Սրբազան Ս. Յարութեան Տօնին Պատարագեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ


Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, Կիրակի, 16 Ապրիլ 2017-ին հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ պատարագիչ հոգեւոր հայրերը «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով ողջունեցին հաւատացեալները։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ. Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազնիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Աղօթակից էր Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան։ Ներկայ էին Հայաստանի հիւպատոսարանի խորհրդականներէն Տիար Ռազմիկ Ստեփանեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, շրջանի միութեանց եւ կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ, ժողովականներ եւ հազարաւոր հաւատացեալներ։

Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին բնաբան ընտրած էր «Յարեաւ Աստուած եւ ցրուեցան ամենայն թշնամիք նորա» բառերը։ Ան առաջին հերթին փառք տուաւ Աստուծոյ, որ դարձեալ առթը շնորհած է բոլորիս՝ միասնաբար տօնելու Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութիւնը եւ զիրար շնորհաւորելու «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» ողջոյնով, այն վստահութեամբ, որ Աւագ Շաբթուան սրբազան արարողութիւնները հաւատացեալներուն սիրտերն ու հոգիները պատրաստած են մահուան վրայ Քրիստոսի տարած յաղթանակի տօնին։

Խօսելով Ս. Յարութեան խորհուրդին մասին, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ հոգեբեկութեան այն վիճակին, որուն մատնուեցան աշակերտները՝ խաչին վրայ անոր մահուան ու գերեզմանին մէջ թաղուելուն ի տես։ Անոնք երկիւղի ու շփոթի մատնուած էին, թէեւ հաւատքով թուլցած էին, սակայն հաւատքը մնացած էր առկայծ, յոյսով տկարացած էին, բայց յոյսը չէր մարած, սակայն Մեծ Վարդապետին հանդէպ անոնց սէրը անսասան էր եւ ուժեղ. եւ ահա անոնք երբ իմացան Յիսուսի Ս. Յարութեան լուրը, իսկոյն վերանորոգուեցան, հաւատքով վերազինուեցան եւ նոր արարածներ դարձան։ Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ օրուան Աւետարանի հատուածին (Մարկ. 16։2-8), նշելով, որ Յիսուսի գերեզմանին այցի գացած իւղաբեր կիները երկիւղի եւ զարմանքի մատնուեցան, երբ թափուր գտան գերեզմանը, բայց իրենց յուսալքութիւնն ու երկիւղը փարատեցաւ, վերստին զօրացան իրենց հաւատքին մէջ, յոյսով ու հոգեկան ցնծութեամբ լեցուեցան, երբ իրենց աչքերով տեսան յարուցեալ Փրկիչը։

Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ իր երկրաւոր առաքելութեան երեք տարիներուն՝ Յիսուս բազմաթիւ թշնամիներ ունեցաւ ու դաւադիրներ դիմագրաւեց, սակայն ան յաջողեցաւ պարտութեան մատնել բոլոր այն փորձերը, որոնք կը միտէին մարել իր լոյսը։ «Չարը միշտ ալ ներկայ է այս աշխարհին մէջ, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը. Ս. Յարութեան տօնը մեզ կը հրաւիրէ հետեւելու արդարութեան ու ճշմարտութեան ուղիին, որդեգրելու Բարիին եւ Լոյսի՛ ճանապարհը, այն փայլուն ուղին՝ զոր Քրիստոս բացաւ մեզի համար, նաեւ՝ թաղելու ամէն տեսակի սպառնալիք, որ կ’ուղղուի մեր հաւատքին դէմ։ Միշտ ալ պիտի ըլլան ճշմարտութենէն ու արդարութենէն խուսափիլ փորձողներ, սակայն ի վերջոյ առաքինութեամբ պիտի յաղթահարենք չարին։ Մեր պատմութեան ընթացքին, շատեր փորձած են մեզ շեղել արդարութեան ուղիէն, սակայն բոլոր փորձերը ձախողութեան մատնուած են եւ մենք գոյատեւած ենք։ Այսօր ու վաղն ալ շարունակենք նահանջի ու պարտութեան մատնել մեր թշնամիները, յաղթահարենք մեր տկարութիւններն ու վարանումները, մեր հոգիներւն մէջ վերահաստատենք, որ իբրեւ Քրիստոսի հետեւորդները՝ մենք հզօր ենք Ս. Յարութեան շունչով», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Հաւատացեալներուն ու ծխական համայնքին անունով, Տ. Ռազմիկ Աւ. Քահանայ Առաջնորդ Սրբազանին մաղթեց բարի զատիկ եւ երկար ծառայութիւն մեր եկեղեցւոյ։ Արարողութեան աւարտին, հաւատացեալները Ս. Հաղորդութիւն ստացան։

Երկուշաբթի, 17 Ապրիլի առաւօտուն, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, մեր Թեմի հոգեւոր հայրերը համախմբուեցան Հոլիվուտ Հիլզի եւ Կլենտէյլի գերեզմանատուներուն մէջ, ուր Մեռելոց տօնին առիթով հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեցին մեր ազգի բոլոր ննջեցալներու հոգիներուն համար։ Տեղի ունեցաւ Անդաստանի արարողութիւն, որուն ընթացքին, օրհնուեցան աշխարհի չորս կողմերը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022