ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԿԱՏԱՐԵՑ ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՈՅԻ Ս. ԽԱՉ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, Սեպտեմբեր 16-ը տօնն էր Վերացման Ս. Խաչի, միաժամանակ անուանակոչութեան օրը Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին։

Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցեց եւ Ս. Խաչին խորհուրդը ներկայացնող իր պատգամը փոխանցեց Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ, ապա կատարեց մատաղի եւ ռեհանի օրհնութիւնը։

Առաւօտեան ժամը 11։00-ին, Առաջնորդ Սրբազանը »Հրաշափառ«-ի երգեցողութեամբ եւ թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի, եւ սկսաւ Ս. Պատարագը։

Հաւատացեալներու կողքին ներկայ էին շրջանի երեսփոխաններ, բարերարներ եւ գաղութիս մէջ գործող միութեանց ներկայացուցիչներ:

Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյ դպրաց դասը։ »Հայր Մեր«էն առաջ, Սրբազան Հայրը իր պատգամը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն։ Ան յիշեց տարուան ընթացքին, Հայ Եկեղեցւոյ մէջ տօնախմբուող Քրիստոսի Ս. Խաչին նուիրուած չորս տօները, ու յատկապէս անդրադարձաւ Վերացման Ս. Խաչի տօնին ու անոր հետ առնչուած պատմական իրողութիւններուն, վեր առաւ եկեղեցւոյ կեանքէն ներս անոր իմաստը եւ խօսեցաւ ժողովրդային աւանդութիւններուն մասին։ Քրիստոնեայ աշխարհին ու քրիստոնեայ եկեղեցւոյ խորհրդանիշ ու պարծանք եղող Քրիստոսի Ս. Խաչը, »Աստուծոյ անհուն սիրոյն եւ զոհողութեան խորհրհդանիշն է«, ըսաւ Առաջնորդը, »որովհետեւ աշխարհ միայն անոր վրայ տեսաւ իր փրկութիւնը։ Խաչը մեզի, քրիստոնեաներուս համար, ո՛չ միայն սիրոյ, զոհողութեան, այլեւ յաղթութեան խորհրդանիշ ու զէնք է։ Անո՛վ միայն կարելի է մեղքին, չարին ու մահուան յաղթել։ Քրիստոնեաներուս ձեռքին, Քրիստոսի Ս. Խաչը քաջութիւն ներշնչող զէնք է, որ կը պաշտպանէ ու կը պահպանէ երեւելի եւ աներեւոյթ բոլոր տեսակի թշնամիներէն եւ փորձութիւններէն։ Խաչը մխիթարութիւն, յոյս ներշնչող անմահ կեանքի գրաւականն է բոլոր հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ եւ խոր հաւատքով կը մօտենան Խաչի խորհուրդին«, եզրակացուց Առաջնորդը։

Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ Խաչի Անդաստանի արարողութիւն եւ ապա ռեհանի օրհնութիւն։

Պատարագիչ Սրբազան Հայրը թափօրով ուղղուեցաւ »Բաղրամեան« սրահ ուր կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւնը եւ բաշխումը։

Նաեւ տարիներու գեղեցիկ աւանդութեան համաձայն, »Բաղրամեան« սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ ճաշ, կազմակերպութեամբ Տիկնանց Օժանդակ Մարմինին, ներկայութեամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հիւրերու, եւ գաղութիս հաւատացեալներու։

Խաչվերացի տօնը, նաեւ մեր եկեղեցիներու Կիրակնօրեայ վարժարաններու արձանագրութեան եւ վերամուտի օրն էր։

Կիրակնօրեայի ուսուցիչներն ու աշակերտները իրենց շրջանի եկեղեցիներուն մէջ ներկայ եղան Ս. Պատարագին ու Ս. Հաղորդութիւն ստացան, նոր տարեշրջանը աղօթքով ու Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեամբ սկսելու համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022