Առաջնորդ Սրբազան Դատապարտեց Տէր Զօրի Նահատակաց Մատրան Ականահարումը


“Ցեղասպանութեան զոհ գացած մեր նահատակներուն յիշատակն ու անոնց կտակին յանձնառութիւնը ոչ մէկ ձեւով կրնան աղարտիլ ու տկարանալ՝ Տէր Զօրի Նահատակաց Մատրան ականահարման դէպքին հետեւանքով. նման ոճրային ու բարբարոս արարքներ մեզ առաւել եւս կ’ամրապնդեն, որպէսզի արթնութեամբ շարունակենք պահանջատիրութեան երթը եւ Ցեղասպանութեան 100ամեակը վերածենք մեր արդար Դատի կենսագործման պատմական հանգրուանի”, յայտարարեց Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան, ի լուր 21 Սեպտեմբերին, Տէր Զօրի համալիրին՝ Ս. Նահատակաց Մատրան ու անոր կողքին գտնուող թանգարանին ռմբահարման մասին տեղեկութիւններուն:

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ “մեր նահատակներուն յիշատակը վառ պահող եւ հայութեան պահանաջատիրութիւնը խորհրդանշող կոթողներն ու մեր դարաւոր մշակոյթի արտայայտութիւնները առաջին անգամ չէ, որ ոճրային ու խափանարարական արարքներու զոհ կ’երթան: Անցեալին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ս. Աստուածածին վանքին կողքին, Պիքֆայայի մէջ կանգնած Նահատակաց Յուշարձանը եւս զոհ գացած էր ռմբային ոճրափորձի մը, սակայն այսօր, անիկա վերանորոգուած է ու երկինք կը սլանայ պահանջատէր հայութեան բռունցքներուն պէս”: Ան նկատել տուաւ, որ մոլեռանդ կրօնամոլներու կողմէ գործադրուած այս ոճիրին ետին, անկասկած որ կը կանգնի հայութեան թշնամին, ու մեր արդար սպասումն է, որ այս ու նմանօրինակ ոճիրներ իրենց դիմաց միայն դատապարտումի խօսքեր չգտնեն, այլ մանաւանդ արդարութիւնը յաղթանակէ գործնապէս:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022