Առաջնորդ Սրբազանը Կը Շնորհաւորէ Փասատինայի Հանրային Վարժարաններէ Շրջանաւարտ Հայ Աշակերտները


Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը Չորեքշաբթի, 17 Մայիս 2017-ի երեկոյեան կազմակերպած էր քաղաքի հանրային երկրորդական վարժարաններէն շրջանաւարտ հայ աշակերտներուն գնահատանքի աւանդական ձեռնարկը, որ տեղի ունեցաւ Հայ Կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին շրջանի պետական ներկայացուցիչներ ու հանրային վարժարաններու վարչական պատասխանատուներ,Ազգ. Վարչութեան անդամներ, աշակերտներուն ծնողներն ու հարազատները, ինչպէս նաեւ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ ընտանիքի անդամներ։

Շրջանաւարտներուն պատգամ մը ուղղելով, Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց զանոնք եւ յորդորեց Աստուծոյ դիմել կարողութիւն, իմաստութիւն եւ առաջնորդութիւն ստանալու համար, երբ կը դիմագրաւեն կեանքի ելեւէջները. ընթացքը շարունակել հաւատքով, յոյսով, արիութեամբ, համբերութեամբ եւ աննահանջ կամքով, հաւատալ եւ վստահիլ սեփական կարողութիւններուն եւ տալ լաւագոյնը, որպէսզի իրականացնեն իրենց երազները։ Առաջնորդ Սրբազանը ընդգծեց, որ հայ երիտասարդը երբեք պէտք չէ մոռնայ իր ազգային պատկանելիութիւնն ու ժառանգութիւնները, ապա նաեւ մասնակցութիւն բերէ հայ-ամերիկեան ընկերութեան զարգացման։ Ան այս առիթով գնահատեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութիւնը եւ երեկոյի կազմակերպիչ յանձնախումբը՝ այս նախաձեռնութեան համար, նաեւ տնօրէնները, ուսուցիչները եւ աշակերտներուն ծնողները՝ անոնց նուիրումին եւ աշակերտներուն քայլերուն ուղղութիւն տալուն համար։

Յայտագիրը վարեց Տիար Պօղոս Փաթաթեան, որ արտասանեց ողջոյնի խօսք։ Հոգաբարձութեան անունով խօսք առաւ ատենապետը՝ Տիար Գօգօ Փանոսեան։ Գլխաւոր բանախօսն էր քաղաքի շրջանաւարտներու ընկերակցութեան անդամներէն Տիար Քեւին Մաթոսեան։ Արժանաւորներուն յանձնուեցան մրցանակներ, տրամադրուած՝ Տէր եւ Տիկին Սարգիս եւ Նունէ Սեփէթճեան բարերար ամոլին եւ Սինթիա ու Սիլվիա Թոմպուլեանի կողմէ։ Յանուն վերակացու Տիար Պրայըն Մէքտանըլտի, խօսք առաւ Ուսումնական խորհուրդի նախագահ՝ Տիար Վրոյր Պուլղուրճեան։ Վկայագիրներու յանձնումին մասնակցութիւն բերին եկեղեցւոյ երիտասարդական խմբակէն ներկայացուցիչներ։ Իրագործուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։ Յայտագիրը աւարտին հասաւ եկեղեցւոյ հովիւին՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեանի «Պահպանիչ»ով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022