Առաջնորդ Սրբազան Ներկայ Եղաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Ճաշկերոյթին


Կիրակի, 2 Նոյեմբերի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը ներկայ եղաւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթին եւ կատարեց բացման աղօթքը: Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի, Ազգային Վարչութեան եւ Տիկնանց Միութեան անդամներ։

Տարեկան այս ձեռնարկին, որ տեղի ունեցաւ “Պեվըրլի Հիլթըն պանդոկին մէջ, անգամ մը եւս պատուուեցան մեր ազգին եւ դատին աջակցող անձնաւորութիւններ ու նուիրեալ ծառայողներ: Առաջնորդ Սրբազանը իր բացման աղօթքին մէջ օրհնութեան խօսք ուղղեց Հայ Դատին ծառայողներու մեծ ընտանիքին ու մեծարեալներուն, որոնք էին՝ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, “Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց”ը, բարերար Վահէ Կարապետեան, Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Քեւին Տը Լիոն, Իրաւ. Դաւիթ Պալապանեան եւ Հայ Դատի կամաւոր ծառայողներ:

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախօրեակին, անհրաժեշտ է նոր թափ տալ մեր ճիգերուն, որպէսզի Արդարութիւնը ի վերջոյ յաղթանակէ եւ կենսագործուի, եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, կորով եւ իմաստութիւն պարգեւելու Հայ Դատի գործիչներուն ու կամաւոր ծառայողներուն, որպէսզի անոնք կարենան առաջնորդել մեր պահանջատիրական երթը դէպի մեր իրաւունքներուն կենսագործումը: Ան յատուկ կերպով գնահատեց երեկոյի մեծարեալները, որոնք կը կանգնին ճշմարտութեան, արդարութեան եւ մարդկային իրաւունքներու կողքին, ու մասնաւորաբար դրուատիքով արտայատուեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին մասին, իր մարդասիրական նուիրեալ ծառայութեան համար, որ ցուցաբերեց Ցեղասպանութենէն փրկուած մեր ժողովուրդին ու որբ մանուկներուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022