Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հայ Դատի Յանձնախումբի Տարեկան Ճաշկերոյթին

Կիրակի, 8 Հոկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ Հայ Դատի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Յանձնախումբի տարեկան ճաշկերոյթին, որ տեղի ունեցաւ «Պէվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ: Ներկայ էին պետական անձնաւորութիւններ, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատուներ ու ղեկավարներ, բարերարներ եւ բարեկամներ:

Ճաշկերոյթի ընթացքին, ըստ տարիներու սովորութեան, այս տարի եւս մեծարանքի արժանացան նկատառելի ներդրումներ ունեցած եւ մեր Դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ ծառայած անհատներ։

Այս տարուան մեծարեալներն էին՝ Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովուրդներու Դեմոկրատ կուսակցութեան հայազգի անդամ Տիար Կարօ Փայլան՝ «Ազատութիւն» մրցանակ, բեմադրիչ եւ ֆիլմերու արտադրող Թերի Ճորճ՝ «Արուեստ եւ Գիր» մրցանակ, Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Տիար Էնթընի Փորթանթինօ՝ «Տարուան Օրէնսդիր» մրցանակ, վաւերագրական ֆիլմերու բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեան՝ «Արուեստ եւ Գիր» մրցանակ, քոնկրեսական Տէյվիտ Վալատօ՝ «Արդարութեան Ջատագով» մրցանակ եւ յատուկ յարգանքի տուրք երաժիշտ Քրիս Քորնելին։

Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց եւ գնահատեց Հայ Դատի Յանձնախումբի անդամները, որոնք օրն ի բուն կը ծառայեն հայ ժողովուրդին։ Ուժ, կորով, քաջութիւն եւ իմաստութիւն մաղթեց անոնց, որպէսզի ամերիկահայութեան արդարատենչ ձայնը ընդմիշտ լսելի դարձնեն պետական-պաշտօնական հարթակներու վրայ։ Ան գնահատեց եւ օրհնեց օրուան մեծարեալները, որոնք կեանքի տարբեր շաւիղներէ եկած յանդուգն եւ սկզբունքային անհատներ են՝ մէկտեղուած ընդհանուր տենչերուն եւ իղձերուն ներքեւ, անխափանօրէն իրենց ծառայութիւնները մատուցելու ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար։ Ի վերջոյ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց բարերարներն ու բարեկամները, որոնք ներդրում կ’ունենան եւ կ’աջակցին Հայ Դատի յանձնախումբի հետապնդած գործին եւ որոնց հաւաքական ճիգը կենսական նշանակութիւն ունի հայութեան քայլերուն յաջողութեան մէջ: Ան իր պատգամը եզրափակեց աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած՝ մեր ազգին ու ժողովուրդին ամրակայման եւ բարգաւաճման համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022