Առաջնորդ Սրբազանը Աղօթքով Կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Յաղթանակի Պարահանդէսին Բացումը

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանի «Նաւասարդեան» 43-րդ խաղերուն առիթով, Շրջանային Վարչութեան կազմակերպած «Յաղթանակի պարահանդէս»ը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 1 Յուլիս 2018-ի երեկոյեան, «Պեւըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ։ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ աղօթքով կատարեց երեկոյին բացումը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար Արժ. Տ. Վազգէն Աւ. Քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Կայծակ Զէյթլեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիան ու անդամներ։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներուն դրօշակի արարողութեամբ։ Կատարուեցան Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի քայլերգները։ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ նախ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ առիթը ընծայած է ի մի խմբուելու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ստեղծման եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100-ամեակի զոյգ տարեդարձներուն առիթով, ողջունեց մարզական միութեան մեծ ընտանիքը, գնահատանքով արտայայտուեցաւ Կեդրոնական, Շրջանային ու մասնաճիւղերու վարչութեանց, սկաուտական խորհուրդի ու անոնց հովանիին տակ գործող բոլոր միաւորներուն անձնդիր ծառայութեան մասին, նշելով, որ անոնք կը գործեն եղբայրաբար, պահպանելով մեր երիտասարդութիւնն ու ազգային ժառանգութիւնները։ Ան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի հովանի ու առաջնորդ ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական աշխատանքներուն ու պարգեւէ բազմաթիւ տարիներ, որպէսզի այս միութեան պատասխանատուները շարունակեն հոգալ մեր երիտասարդութեան առողջ դաստիարակութիւն, որպէսզի անոնք դառնան մեր ապագայի առաջնորդները։ Առաջնորդ Սրբազանը օրհնեց ու գնահատեց նաեւ այս տարուան մարզախաղերու պատուոյ նախագահ՝ Տէր եւ Տիկին Համլէթ եւ Կրեթա Չրախճեան ամոլն ու Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի պատիւին արժանացած Տիար Գօգօ Պալեանը, որոնք մեծ ծառայութիւն մատուցած են ոչ միայն այս միութեան, այլ նաեւ մեր ազգային կեանքին։ Վերջապէս, ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ անցեալի պատուոյ նախագահներուն ու օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն, բարերարներուն եւ գործակիցներուն մասին։

Ողջոյնի խօսք արտասանեց Տիար Չարլի Կալեան։ Շրջ. Վարչութեան կողմէ խօսք մը արտասանեց ատենապետը՝ Տիար Մանուէլ Մարսէլեան։ Անցեալի գործունէութեան ու «Նաւասարդեան» խաղերուն մասին ցուցադրուեցան երկու տեսաերիզներ։ Յատուկ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Տիար Գօգօ Պալեանի՝ իբրեւ Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի։ Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ժապաւէնի տուչութեան արարողութիւնը. այս տարուան պատուող նախագահ ամոլը ժապաւէնը ստացաւ անցեալ տարուան նախագահէն՝ Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Նօնօ Աբէլեան ամոլէն։ Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն եւ 100-ամեակի կարկանդակի հատումը, մասնակցութեամբ այս տարուան ու անցեալի պատուոյ նախագահներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022