Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 42-րդ «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Փակման Հանդիսութեան


Կիրակի, 2 Յուլիսին յետմիջօրէին, Վէն Նայսի Պըրմինկհէմ հանրային վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 42-րդ «Նաւասարդեան» մարզախաղերու եւ փառատօնի փակման հանդիսութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան ներկայ եղաւ հանդիսաւոր տողանցքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն ու ներկայ ժողովուրդին ուղղեց իր հայրական պատգամն ու գնահատանքի խօսքը եւ մասնակցեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութեան։

Փակման հանդիսութեան եւ փառաւոր տողանցքին ներկայ էին Հայաստանի հիւպատոս Տիար Վալերի Մկրտումեան, Հ.Յ.Դ. Կեդր. Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, Հ.
buy levitra super force online pridedentaloffice.com/wp-content/themes/twentytwentyone/inc/en/levitra-super-force.html no prescription

Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական եւ Շրջանային վարչութեանց, հայկական միութեանց եւ կազմակերպութեանց պատասխանատուներ եւ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամներէն Էնթընի Փորթանթինօ։

Առաջնորդ Սրբազանը ողջոյնի ու գնահատանքի յատուկ խօսք ուղղեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական, Շրջանային եւ մասնաճիւղերու վարչութեանց, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշին տակ խմբուած մարզիկներուն եւ այս միութեան բազմահազար համակիրներուն, նաեւ՝ այս տարուան խաղերուն նախագահութիւնը ստանձնած՝ Տէր եւ Տիկին Վիգէն եւ Նոնօ Աբէլեան ամոլին ու Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.-ականի տիտղոսակիր Տոքթ. Շահէ Ենիգոմշեանին։ Յիշեցնելով, որ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած էր «Նաւասարդեան»ներու Յաղթանակի Պարահանդէսը՝ շեշտեց, որ այսօր, «մեր առջեւ պիտի տողանցեն, ինչպէս ամէ՛ն տարի կը տողանցեն՝ միայն յաղթական մարզիկներ, անկախ այն իրողութենէն, թէ ո՞ր խումբը կամ մարզիկը շահած է որոշ մրցաշարքի մը առաջնութիւնը։ Մեզի համար, Նաւասարդեան խաղերուն իւրաքանչիւր մասնակից յաղթակա՛ն է, եւ յաղթականի՛ հպարտութեամբ կը տողանցէ այսօր, որովհետեւ ինչպէս Ողիմպիական Խաղերը, այնպէս ալ հայկական Նաւասարդեանները բոլորին՝ մասնակցող մարզիկներուն թէ հանդիսականներուն կը պատգամեն ազնիւ մրցակցութիւն, կը պատգամեն տոգորուիլ ազգային արժէքներով, հարստանալ եւ աճիլ հոգիով ու մարմնով, դառնալ հաւատարիմ ժառանգորդները մեր պապերուն, որոնք դարեր առաջ, մայր հայրենիքի հողին վրայ բարձրացուցած էին Նաւասարդեան խաղերու դրօշը։ Եւ այդ դրօշը, իբրեւ նուիրական աւանդ, դարերու խորքէն հասած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, որուն աննահանջ դրօշարշաւն է որ կը մարմնաւորեն Նաւասարդեան խաղերը»։

Շարունակելով իր խօսքը՝ Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ. «Այսօր, երբ միասնաբար ականատես վկաներն ենք 42-րդ Նաւասարդեաններու էջի փակման, գիտենք, որ վաղն իսկ պիտի բացուի նոր ու պանծացումի արժանի նոր էջ մը։ Գիտենք, որ յառաջիկայ տարին՝ 2018 թուականը պատմական տարի մըն է։ Ազգովին պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան ծննդեան 100-րդ տադեդարձը, որ նաեւ 100-ամեակն է Հ.Մ.Ը.Մ.-ին»։ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադիրները տեսիլքով առաջնորդուեցան եւ ռահվիրաները հանդիսացան նոր առաքելութեան մը, ի խնդիր մեր երիտասարդ սերունդներուն ազգային ու քրիստոնէական, հոգեմտաւոր աճումին։

«Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ծնունդը պատահականութեան արդիւնք չէր, ո՛չ ալ անոր հիմնադրութեան տարին պատահականօրէն ընտրուած հանգրուան մըն էր։ Թէեւ Հայ ժողովուրդը 1918-ին կը գտնուէր երեք տարի առաջ, թուրք ոճրագործ պետութեան կազմակերպած ու գործադրութեան դրած Ցեղասպանութեան ահաւոր արհաւիրքներուն մէջ, սակայն չէր կորսնցուցած վերապրելու եւ վերածաղկելու իր հաւատքն ու կամքը։ Եւ ահա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եղաւ այդ կամքին արտայայտիչներէն մէկը։ Ահա թէ ինչո՛ւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգը կը սկսի «Յառա՛ջ, Նահատակ ցեղի անմահներ» բառերով, իր մէջ կը խտացնէ հսկայական խորհուրդ մը եւ անժամանցելի պատգամ մը, որ վստահաբար մեզի կը հասնի Հայկ Նահապետէն, Վարդան ու ՎահաՆ Մամիկոնեաններէն, անցած է հայկական իրերայաջորդ անկախ հարստութիւններու ժամանակներէն, հասնելու համար 1918-ի Հայաստանի անկախ հանրապետութեան եւ անկէ իր շողերը կ’արտացոլացնէ մինչեւ մեր օրերը՝ Հայաստանի, Արցախի մէջ եւ հայկական աշխարհի չորս ծագերը։

«Այսօր, Հ.Մ.Ը.Մ.-ն ու անոր դրօշին տակ համախմբուած հայութիւնը զոյգ 100-ամեակներուն կը նայի այն կամքով ու խրախուսանքով, որ բոլորիս կը թելադրուի Վերանորոգումի Տարուան Հայրապետական պատգամով։ Արդարեւ, սիրելիներ, Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս 2017-ը հռչակած է Վերանորոգումի Տարի եւ մեզ կը հրաւիրէ վերանորոգելու, վերակենսաւորելու մեր անհատական ու հաւաքական կեանքը, նոր մղում տալու մասնաւորաբար նոր սերունդներուն հայակերտումի նուիրական գործին։ Վեհափառ Հայրապետին պատգամը անժամանցելի է եւ հրաւէր՝ մշտական ու յարատեւ վերանորոգութեան, մեր աչքերը սեւեռելու դէպի առ նուազն յառաջիկայ 10 տարիները եւ անկէ ալ անդին, այն հաւատքով ու տեսլականով, որ մեր գաղութները, մայր հայրենիքին զուգահեռ, հետզհետէ պիտի ընդարձակեն իրենց երթի ուղիները, նոր դարաշրջանին հետ քայլ պահելով՝ մեր ազգային կեանքին պիտի ներարկեն նոր որակ ու նոր երանգներ, որպէսզի այսօրուան պատանին դառնայ հայկական արժէքներու հաւատարիմ ժառանգորդ երիտասարդը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դրօշին պէս այդ աւանդները փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն, յաղթական դրօշը բարձրացնէ մի՛շտ աւելի բարձր, մինչեւ որ Հայկական Եռագոյնը ծածանի Արարատի գագաթին»։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը եզրափակեց օրհնելով Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բոլոր նուիրեալները, մաղթելով, որ իւրաքանչիւր Նաւասարդեան նոր առիթ մը ըլլայ մեր յաղթանակներու երթը յառաջ տանելու։

Նշենք, որ Շաբաթ, 1 Յուլիսի երեկոյեան, Առաջնորդ Սրբազանը այցելած էր տաղաւարները եւ իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը բաշխած՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին զօրակցող նուիրեալներուն։ Ինչպէս «Նաւասարդեան»ներու փակման հանդիսութեան, նոյնպէս ալ Շաբաթ օրուան այցելութեան պահուն, Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Առաջնորդական Փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան եւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022