ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆԸ »ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱՍՊԵՏ«Ի ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՏՈՒԵՑ ԱԶԳ. ԲԱՐԵՐԱՐ ՄԱՆԱՍ ՊՈՒՃԻՔԵԱՆԸ

Հայ Դատի թելեթոնի նախապատրաստական ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Հինգշաբթի, 17 Մայիսի երեկոյեան, իւրայատուկ ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի »Ֆենիսիա« ճաշարանին մէջ, ուր Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, յանուն Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին, »Կիլիկեան Ասպետ«ի շքանշանով պատուեց ազգային բարերար ու բազմամեայ գործիչ Մանաս Պուճիքեանը։

Հայ Դատի Յանձնախումբն ու »Ասպարէզ« օրաթերթի խմբագրութիւնը, միացեալ նախաձեռնութեամբ մը, ընթրիքի երեկոյ մը կազմակերպած էին ի պատիւ ազնիւ հայորդիին, անոր ծննդեան 80րդ տարեդարձին առիթով։ Յայտագիրը ունէր անակնկալի բաժին մը՝ պարգեւատրումը։ Արդարեւ, ընդառաջելով Հայ Դատի յանձնախումբի փափաքին, Առաջնորդ Սրբազանը եւ Ազգ. Վարչութիւնը խնդրամատոյց եղած էին Վեհափառ Հայրապետին, որպէսզի պարգեւատրէ բարերարը։

Յանուն Հայ Դատի յանձնախումբին ու »Ասպարէզ«ին, խօսք առին Տեարք Րաֆֆի Համբարեան ու Աբօ Պօղիկեան, լուսարձակի տակ բերելով Մանաս Պուճիքեանի տասնամեակներու ծառայութիւնները եւ բարեսիրտ գործերը։

Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին մէջ դրուատիքով անդրադարձաւ պարգեւատրեալ հայորդիին կեանքի ասպարէզին, վեր առնելով անոր բարերարի ընթացքը եւ զայն բնորոշելով իբրեւ Հայ Ազգի ու անոր Դատին համեստ զինուոր։ Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ ազգային կեանքին ու կազմակերպութեանց գործօն ծառայութիւններուն կողքին, ան իր լումայէն բաժին հանած է Ազգային Առաջնորդարանին, Հայ Դատին, մեր միութիւններուն ու կազմակերպութիւններուն, որոնց ծառայած է անդամակցելով մարմիններու եւ գործող միաւորներու։ Ան ապա յայտարարեց, որ Վեհափառ Հայրապետը, ընդառաջելով խնդրանքին՝ »Կիլիկեան Ասպետ«ի շքանշան շնորհած է Մանաս Պուճիքեանի։ Առ այդ, Առաջնորդ Սրբազանը յանուն Վեհափառ Հայրապետին, Մանաս Պուճիքեանի կուրծքը զարդարեց շքանշանով։

 

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022