«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Պատասխանատուները Այցելեցին Առաջնորդ Սրբազանին

Ուրբաթ, 29 Յունիս 2018-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Նախագահ Տիկ. Մարիա Մեհրանեանի եւ Գործադիր Տնօրէն Տիար Սարգիս Գոթանճեանի։

Առաջնորդ Սրբազանն ու հիւրերը քննարկեցին շարք մը հարցեր, որոնց կարգին՝ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի գործունէութիւնը՝ ի մասնաւորի Գոհաբանութեան օրուան ու «Մեր Գիւմրին» թելեթոնը, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, 1 Յուլիսին, նպատակ ունենալով՝ 30 տարի առաջ Գիւմրիի աղէտալի երկրաշարժէն տուժած հարիւրաւոր անօթեւան հայրենակիցներուն բնակարաններ կառուցել։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց «Հայաստան«» Համահայկական Հիմնադրամի հայրենաշէն ու Հայաստանի եւ Արցախի մեր հայրենակիցներուն նպաստող գործունէութիւնը, միաժամանակ յաջողութիւն մաղթեց թելեթոնի ծրագիրներուն:

Նշենք, որ «Մեր Գիւմրին» թելեթոնը պիտի սփռուի Կիրակի, 1 Յուլիսի յետմիջօրէին, ժամը 4 էն 10, «ARTN», «US Armenia», «KVMD» եւ «AABC» պատկերասփիւռի կայաններէն, որուն ընթացքին պիտի հրապարակուի Առաջնորդ Սրբազանին զօրակցական կոչը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022