Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանն ու Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը Այցելեցին Ազգ. Ֆերահեան Վարժարան


Յատուկ առաքելութեամբ մեր Թեմը այցելող Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Բարձր. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան, Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2014ի առաւօտեան, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի հետ այցելեց Ազգային Ֆերահեան Վարժարան եւ հանդիպում ունեցաւ վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտութեան հետ:

Ներկայ էին Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Քհնյ. Խաչատուրեան, Ազգային Վարչութեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Հ.Յ.Դ. Մարմիններու եւ քոյր մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ:

“Աստուած Օգնական” ողջոյններով, Առաջնորդ Սրբազան Հայրերը դիմաւորեցին 6րդ դասարանի աշակերտները եւ մէկ առ մէկ Սրբազաններուն աջը համբուրելով, ուղղուեցան դէպի իրենց աթոռները:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ, վարժարանի հայերէնի ուսուցչուհի՝ Թալին Գէորգ Ճանեցեան, որ վարժարանի անունով բարի գալուստ մաղթելէ ետք օրուան հիւրերուն եւ ներկաներուն, հակիրճ ձեւով ներկայացուց հիւր Առաջնորդ Սրբազանը, եւ անոր այցելութեան նպատակներուն մասին խօսելէ ետք, աւելցուց ըսելով. “Սրբազան Հայրը իր այցելութեամբ մեզի կը պարգեւէ յատուկ խորհուրդ մը, փոխանցելով իր հայրական պատգամներն ու օրհնութիւնները”: Ան աւելցուց. “վարժարանը այս տարի ձեռնարկած է նոր դրամահաւաքի մը, որուն նպատակն է օժանդակել Սուրիոյ հայ աշակերտութեան եւ դպրոցներուն”:

Բացման խօսքէն ետք, տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը, որուն մասնակցեցան վարժարանի 7րդ կարգէն՝ Նանօր Սէրայտարեան, որ ջութակով նուագեց “Կռունկ”ը, 10րդ կարգէն՝ Նարեկ Գույումճեան, Սեւան Հանէշեան-Պետրոսեանի “Ես Զաւակն Եմ Քու Հողիդ” քերթուածի ասմունքով, 6րդ կարգի աշակերտները “Յաղթանակ” պարով ոգեւորեցին մթնոլորտը, եւ վերջապէս՝ 6րդ կարգէն Արազ Պալեան, Լորի Կարավարդանեան, Բալիկ Քէշիշեան եւ Երանիկ Պասթիլեան ասմունքեցին Համաստեղի “Հայու Ոգին” բանաստեղծութիւնը:

Ապա, բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէնը՝ Տիար Ժան Գոսագեան: Ան, աշակերտութեան անունով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր այցելութեան համար, որ առիթ մըն է աշակերտութեան՝ մօտէն ծանօթացնելու Հալէպի հայկական դպրոցներու ներկայ իրավիճակին մասին: Խօսելով պատմութենէն եւ հալէպահայութեան կարեւորութեան մասին, ան անգամ մը եւս աշակերտութեան յիշեցուց 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն հետեւանքով, Կիլիկիայէն եւ Արեւմտեան Հայաստանէն տեղահանութեան ենթարկուած մեր նախահայրերու մեծ մասը ջարդուեցաւ, իսկ մնացեալները հասան Տէր Զօր, որմէ ետք ապաստան գտան Սուրիոյ Հիւսիւսը գտնուող քաղաքներու մէջ: Ան նշեց, որ “հիւսիսային Սուրիան սփիւռքի առաջին կարեւոր հաւաքավայրն է, ուր հայ ժողովուրդը հաւաքուեցաւ Հալէպէն մինչեւ Արաբ-Բունար, Հասիչէ, Գամիշլի եւ շրջակայքը գտնուող տարբեր գիւղերուն ու աւաններուն մէջ”:

Սրահը խոր լռութեան մէջ էր, որմէ կը զգացուէր բոլորի յուզմունքը: Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը նկատելով սրահին մէջ ստեղծուած մթնոլորտը, ըսաւ. “Սրահին մէջ տիրող յուզմունքը, մեր սրտակցութեան, մեր ազգակցութեան եւ մեր հարազատութեան արտայայտութիւնն է, հանդէպ սուրիահայ մեր գաղութին”, ապա խնդրեց աշակերտներէն որ զօրաւոր ծափահարութեամբ մը զօրակցութիւն յայտնեն սուրիահայ գաղութին: Իր խօսքի աւարտին, Սրբազան Հայրը Առաջնորդարանին կողմէ յուշանուէր մը փոխանցեց վարժարանին:

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը, ողջունելէ ետք ներկաները, բարձր գնահատեց ազգային վարժարանի կրթութիւնն ու դաստիարակութիւնը, եւ աւելցուց ըսելով. “Վարժարանը շատ կարեւոր դեր ունի հայկական կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը շարունակելու եւ զօրացնելու դժուարին գործին մէջ”: Ան տխրութեամբ խօսեցաւ Հալէպի ներկայ հայկական վարժարաններու իրավիճակին մասին, եւ իր խօսքը աշակերտներուն ուղղելով, յանձնարարեց որ անոնք բարձր գնահատեն իրենց ունեցած առաւելութիւնները Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ. ան աշակերտները յորդորեց ըսելով, որ իրենց ունեցած այդ առաւելութիւններէն գոնէ մէկ հատը պահելով, օգնութեան ձեռք երկարեն Սուրիոյ քաղաքական պատերազմի մէջ մնացած եւ դժուարին պայմաններու մէջ դպրոց յաճախող իրենց քոյրերուն եւ եղբայրներուն:

Այցելութիւնը վերջ գտաւ Սրբազան Հայրերու միացեալ աղօթքով եւ օրհնութիւններով:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022