Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաի Արարատ Տան Հոգաբարձու Մարմինի Ժողովին


Ընդառաջելով Արարատ Տան Հոբաբարձու Մարմինի ատենապետ Տիար Յովսէփ Կանիմեանի հրաւէրին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 23 Հոկտեմբեր 2014ի երեկոյեան, ներկայ եղաւ հոգաբարձութեան ամսական նիստին, աղօթքով կատարեց նիստին բացումը եւ ուղղեց իր պատգամը:

Տիար Կանիմեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանին ներկայութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց այս հաստատութեան հետեւողական զօրակցութեան համար:

Առաջնորդ Սրբազանը փառք տուաւ Աստուծոյ, այս առիթին համար, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց հոգաբարձութեան՝ իրեն ուղղուած հրաւէրին համար: Ան անդրադարձաւ այն սերտ գործակցութեան, որ ստեղծուած է Ազգային Առաջնորդարանին եւ Արարատ Տան միջեւ, յիշեցնելով, որ Ազգ. Առաջնորդարանը աւելի քան 20 տարիէ ի վեր հոգեւոր մատակարարութիւն կը տրամադրէ հաստատութեան բնակիչներուն, տօնական օրերուն եւ այլապէս։ “Մենք նաեւ ականատես վկաներն ենք այն սիրալիր հոգածութեան, որ դուք կը տրամադրէք այս հաստատութեան մէջ հիւրընկալուող երէց սերունդին”, շարունակեց Առաջնորդ Սրբազանը եւ նշելով, որ այս տարին նուիրուած է տարեցներուն՝ վեր առաւ երէց սերունդին դերն ու ներդրումը մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Ան գոհունակութիւն արտայայտեց, որ ունինք Արարատ Տան նման հաստատութիւն մը, ուր երէց սերունդի անդամներ գուրգուրանք եւ հոգածութիւն կը վայելեն: Ան բարձր գնահատեց հոգաբարձու մարմինին եւ անձնակազմին ծառայութիւնն ու նուիրումը, մաղթեց, որ հաստատութիւնը նոր նուաճումներ արձանագրէ եւ այս ժողովը յաջողի իր առաքելութեան մէջ:

Ապա, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:

Ժողովէն առաջ, ներկաները վայելեցին կոկիկ հիւրասիրութիւն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022