Առաջնորդ Սրբազանը Մասնակցեցաւ «Նոր Կիլիկիա» Գիւղի Նոր Բնակարաններուն Բացման եւ Շուշիի Ազատագրութեան 25-ամեակի Տօնակատարութեան


Ինչպէս հաղորդած էինք, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան անցեալ շաբաթ մեկնած էր Անթիլիաս, ուրկէ անցաւ Արցախ, միանալով «Նոր Կիլիկիա» գիւղի ծրագիրի երկրորդ բաժինի բացման արարողութեան եւ Շուշիի ազատագրութեան 25-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը տարիներ առաջ յանձն առաւ Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ «Նոր Կիլիկիա» գիւղին վերակառուցումն ու նորոգումը։ Գիւղը օժտուեցաւ նորակառոյց բնակարաններով եւ անհրաժեշտ կառոյցներով։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Արցախի իշխանութեանց կարգադրութեամբ, այս բնակարանները առաջնահերթութեան կարգով կը յատկացուին Արցախի նահատակներու եւ բազմազաւակ ընտանիքներուն։ Ցարդ կառուցուած են 32 բնակարաններ եւ վերանորոգուած բազմաթիւ բնակարաններ։

Երկուշաբթի, 8 Մայիս 2017-ին, տեղի ունեցաւ «Նոր Կիլիկիա» գիւղի նորակառոյց բնակարաններուն պաշտօնական բացումը, նախագահութեամբ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի մասնակցութեամբ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական ժողովի անդամներէն՝ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեանի եւ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանին, ինչպէս նաեւ Թեհրանի Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի։ Ներկայ էին նաեւ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը՝ Տիար Տիգրան Ճինպաշեան եւ Թեմիս Ազգային Վարչութեան անդամներէն Տիար Ալեք Պաղտասարեան։ Նշենք, որ այս բնակարանները արցախցի ընտանիքներու յանձնուող երկրորդ շարքը կը կազմեն։

Գիւղի բնակիչները աղ ու հացով դիմաւորեցին պատուիրակութիւնը։ Բացման հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Տնօրհնէքի արարողութեամբ. Սեպուհ Սրբազանը ընթերցեց Ն. Ս. Օծութեան օրհնութեան գիրը, ապա, հանդէս եկաւ ողջոյնի ու սրտի խօսքով։ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանն ու Կաթողիկոսութեան Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչը Արցախի պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին՝ արտայայտեցին իրենց անհուն ուրախութիւնն ու բերկրանքը։ Աւարտին Կաթողիկոսութեան պատուիրակութիւնը այցելեց նորակառոյց բնակարանները։ Բնակիչները երախտագիտական արտայայտութիւններ ունեցան Վեհափառ Հայրապետին ու այս ծրագիրին իրականացման մասնակցիներուն։ Օրը տօնական էր. ժողովուրդը երգով, պարով եւ խանդավառութեամբ արտայայտեց իր ցնծութիւնը։

ՇՈՒՇԻԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Շուշիի ազատագրութեան պաշտօնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 9 Մայիսին, Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ։ Օրը կը նշէր նաեւ Արցախի բանակին կազմաւորման տարեդարձը։

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, Արցախի Նախագահ Բագօ Սահակեանի, Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանի եւ պետական այլ դէմքմերու գլխաւորութեամբ, մեծ թիւով հայորդիներ քայլարշաւով մը նախագահական պալատէն ուղղուեցան դէպի Ստեփանակերտի նահատակներու յուշակոթող։ Բազմաթիւ պատանիներ եւ երիիտասարդներ, 25-ամեակը խորհրդանշող՝ 25 մեթր երկարութեամբ եռագոյնով մը մասնակից եղան թափօրին, երգերով ու բացագանչութիւններով։ Շքախումբն ու ժողովուրդը ապա համախմբուեցան Ստեփանակերտի նահատակներու յուշակոթողին առջեւ, յարգանքի տուրք մատուցելու համար Արցախի ազատագրութեան պայքարի ճամբուն ինկած նահատակներուն։ Ներկայ էին Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը՝ Սերժ Սարգսեան, Արցախի նախագահ Բագօ Սահակեան, զինուորական եւ քաղաքային պատասխանատուներ եւ ազատամարտիկներ։ Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանը մասնակից եղաւ հանդիսութեան եւ իր կարգին, ծաղիկ զետեղեց յուշարձանին։

Տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք։ Ծաղկեպսակներ զետեղուեցան «Արցախի Հրասայլ»ի յուշարձանին եւ Վազգէն Սարգսեանի յուշակոթողին առջեւ։ Աւելի ուշ, Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ երգահանդէս եւ հրավառութիւն։

Յայտնենք նաեւ, որ նախագահ Բ. Սահակեան ընդունեց Ս. Աթոռոյս պատուիրակութիւնը. հանդիպումին ներկայ էին Արցախի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանն ու այլ պատասխանատուներ։ Իսկ Հինգշաբթի, 11 Մայիսին, Թեմիս Առաջնորդ Սրբազանն ու Թեհրանի Թեմի Առաջնորդ Սրբազանը հիւրընկալուեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ, փոխանեցին Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եղբայրական ողջոյնները եւ տեղեկութիւններ հաղորդեցին իրենց Արցախ առաքելութեան մասին։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022