Առաջնորդ Սրբազանը Ներկայ Եղաւ Ազգ. Լ. եւ Յ. Թաւլեան Մանկամսուրի Վերամուտի Արարողութեան

Փասատինայի Ազգային Լեւոն եւ Յասմիկ Թաւլեան մանկապարտէզն ու մանկամսուրը իրենց վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը ունեցան Ուրբաթ, 25 Օգոստոսի առաւօտուն, նախագահութեամբ եւ ներկայութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի։ Ներկայ էին Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան, Ազգային Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան, Ուսումնական մարմինի, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան, Տիկնանց միութեան ներկայացուցիչներ, ծնողներ, բարերարներ եւ հարազատներ։

Աշակերտներու հաւաքական «Տէրունական» աղօթքի երգեցողութենէն եւ Առաջնորդ Սրբազանին բացման աղօթքէն ու տնօրհնէքի արարողութենէն ետք, ողջոյնի խօսք արտասանեց վարիչուհին՝ Տիկին Կարին Չուխատարեան, մասնաւորաբար բարի գալուստ մաղթելով առաջին անգամ ըլլալով ուսումնարան եկող մանուկներուն ու ամառնային արձակուրդը ամբողջացուցած անցեալի սաներուն։ Ան գնահատանքի եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ուսուցչական կազմին, ծնողներուն եւ բարերարներուն։ Աշակերտները ներկայացուցին երգերու »ծաղկեփունջ« մը։

Իր օրհնութեան խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ ուսումնարանի տնօրէնուհիին, նուիրեալ ուսուցիչներուն ու անձնակազմի անդամներուն մասին, մաղթեց, որ նոր սկսող տարին ընթանայ անվտանգ եւ առիթ ծառայէ մեր մատղաշ մանուկներու հոգիները հարստացնելու հայութեան, քրիստոնէական ու ազգային գանձերով։ Ան յատուկ գնահատանք արձանագրեց ծնողներուն ու մանկամսուրի բարերարներուն, որոնք կը կանգնին այս ուսումնարանին կողքին։

Վերամուտի արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց վարժարանին վերանորոգուած խոհանոցին բացումը. նորոգութիւնը կատարուած էր ամրան ընթացքին, բարերարութեամբ Տէր եւ Տիկին Ռազմիկ եւ Ռիթա Յովսէփեան ամոլին։ Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց դասարաններ եւ զրոյցի պահեր ունեցաւ մանուկներուն հետ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022