Բարեկենդանը՝ Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ – Քողազերծում՝ Նուիրատուներու Յուշապատին

Մեծ Պահոց շրջանի նախօրեակին, Կիրակի, 11 Փետրուար 2018-ին, Բարեկենդանի տօնն էր։ Այս առիթով, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան եղաւ Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ ծխական համայնքի զաւակներուն հետ եւ ուղղեց իր հոգեւոր պատգամը։

Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Աղօթակից էր Գերշ. Տ. Եփրեմ Արք. Թապագեան։ Ներկայ էին եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչներն ու աշակերտները եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ օրուան խորհուրդին՝ Բուն Բարեկենդանին վրայ, նշելով, որ այս օրը կը խորհրդանշէ Ադամի եւ Եւայի դրախտային երջանիկ կեանքը, երբ անոնք Աստուծոյ ներկայութիւնը կը վայելէին ու Անոր կամքին կը հնազանդէին, մինչեւ որ մեղանչեցին եւ արտաքսուեցան այդ երանական վիճակէն, սակայն Աստուծոյ սէրն ու ողորմածութիւնը այնքան մեծ էր, որ Ան իր Միածինը՝ Յիսուս Քրիստոսը աշխարհ ղրկեց մարդոց փրկութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ «վաղը պիտի թեւակոխենք Ս. Յարութեան տօնը կանխող Մեծ Պահքի քառասնօրեայ շրջանը, որ քրիստոնեային համար ինքնաքննարկումի, հոգեկան վերանորոգութեան եւ ֆիզիքական ու ներքին վերակազմակերպման շրջան մըն է, իսկ ճշմարիտ քրիստոնեան ինքզինք կը վերանորոգէ աղօթքով, ծոմապահութեամբ, Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելով ու իր նմանը սիրելով»։

Այնուհետեւ, Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ Աւետարանի օրուան հատուածին վրայ (Մատթէոս 6:1-21) եւ շեշտեց աղօթքի կարեւորութիւնը։ «Աղօթքը ինքնանպատակ ու կամայական պէտք չէ ըլլայ, այլ՝ պարկեշտութեամբ, ներողամտութեամբ եւ Աստուծոյ հետ սրտբաց հաղորդակցութեամբ տոգորուած՝ ինչպէս որ Քրիստոս սորվեցուց «Տէրունական Աղօթք»ին ընդմէջէն», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը, աւելցնելով, որ այս շրջանը նաեւ յուշարար է վերապրելու քրիստոնէութեան պատուիրանները, ըլլալու խոնարհ, ինքնագիտակից եւ մեղքերէ հեռու. յորդորեց ընդմիշտ աղօթել եւ հաղորդակցիլ Աստուծոյ հետ, պահքն ու ծոմապահութիւնը անպակաս ընել մեր կեանքին մէջ, կարգաւորելու համար մեր ֆիզիքական ու հոգեկան անդորրութիւնը, եւ ի վերջոյ ըլլալ ողորմած։ Շեշտելով ողորմածութեան կարեւորութիւնը՝ Առաջնորդ Սրբազանը նշեց, որ ողորմած ըլլալ կը նշանակէ արդար ըլլալ մեր նմաններուն հանդէպ, բարիք գործել եւ մանաւանդ մեր ունեցած բարիքներէն ու շնորհքներէն բաժին հանել կարիքաւորին ու տնանկին։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց, որ ծոմապահութեան շրջանը հաւատացեալներուն համար ըլլայ բարիքներով լեցուն շրջան մը, եւ անոնք մարմնով ու հոգիով պատրաստ ըլլան քրիստոնէական աշխարհի մեծագոյն տօնին՝ Յիսուսի հրաշափառ Ս. Յարութեան։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ առ յաւէտ բաժնուած ննջեցեալներու հոգիներուն համար։ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ Համազգայինի Ճեմարանականերու Միութեան խնդրանքով, եօթնօրէքը կատարուեցաւ նորոգ հանգուցեալ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ ու ազգային գործիչ Տիար Յակոբ Եափուճեանի։ Առաջնորդ Սրբազանը դրուատիքով արտայայտուեցաւ Տիար Եափուճեանի անձնուէր գործունէութեան մասին, նշելով, որ ան անկեղծ, կարգապահ, ուղղամիտ եւ համեստ ազգի ծառայ էր, որ հաւատքով, նուիրուածութեամբ ծառայեց ազգին, եկեղեցւոյ ու հայրենիքին։

Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր թափօրով եւ «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցաւ դէպի փակ՝ կատարելու համար «Եղիա Սարաֆեան» դահլիճի մուտքին գտնուող նուիրատուներու յուշապատի օրհնութիւնն ու բացումը։ Ան նախ եւ առաջ օրհնեց նուիրատուները, այնուհետեւ կատարեց յուշապատի օրհնութիւնը, ապա, քողազերծեց յուշապատի, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Տիար Լեւոն Արապեանին։ Յանուն Հոգաբարձութեան, Տէր Հայրը երախտագիտութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն։ Աւարտին, երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022