Առաջնորդ Սրբազան Կատարեց Ֆրեզնոյի Հայկական Ծերանոցի Նոր Շէնքին Հիմնօրհնէքը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Հինգշաբթի, 16 Յունիս 2016ին այցելութիւն մը տուաւ Ֆրեզնօ, ուր կատարեց «Քալիֆորնիոյ Հայկական Տուն» ծերանոցի նոր շէնքին հիմնարկէքը: Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Ս. Երրորդութիւն Մայր Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Տաճատ Վրդ. Աշըգեան, հոգաբարձութեան ատենապետ Տիար Պիլ Սահաթճեան եւ անդամներ:

Ծերանոցը, որ տասնամեակներէ ի վեր հոգատարութիւն կը տրամադրէ տարեցներու, ձեռնարկած է հաստատութեան ընդարձակման, որպէսզի վերածուի տարեցներու մնայուն բնակավայր տրամադրող տան:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Ֆրեզնօ գաւառի վերակացու Տեպի Փուչիկեանի բացման խօսքով: Ան նաեւ յանձն առած էր հանդիսավարութիւնը: Ան ողջունեց հոգեւոր հայրերը, պետական ներկայացուցիչները եւ հիւրերը: Առաջնորդ Սրբազանը, հոգեւոր հայրերու աղօթակցութեամբ, կատարեց հողի օրհնութիւնը, ապա, անդրադառնալով այս իրագործումին, վստահութիւն յայտնեց, որ ներկաները հաւասարապէս հոգածու են ու սէր կը տածեն երէց սերունդի անդամներուն նկատմամբ: Առաջնորդ Սրբազանը մէջբերում մը կատարեց «Տարեցներու Տարուան» նուիրուած Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի պատգամէն եւ գնահատանքով խօսեցաւ այս հաստատութեան պատասխանատուներուն ծառայութեան մասին, որ ահաւասիկ կը շարունակուի 60 տարիէ ի վեր: Ան նկատել տուաւ, որ սա աստուածահաճոյ գործ է, եւ մաղթեց, որ հիմնարկէքով սկիզբ առած աշխատանքը յաջողութեամբ իր լրումին հասնի, երէց սերունդէն աւելի մեծ թիւով անդամներ իրենց ոսկեայ տարիները ապրին հանգստաւէտ պայմաններու մէջ, վայելելով ընտանեկան հոգածութիւն: Ան օրհնեց ներկաները, պատասխանատուներն ու տարեցները, աղօթելով, որ Աստուած Իր Ս. Աջը հովանի պահէ անոնց վրայ:

Խօսք առաւ նաեւ հաստատութեան նախագահը՝ Լիւսի Գազանճեան-Կրէյսըն, որ նշեց, թէ այս իրագործումը կարեւոր հանգրուան մը կը հանդիսանայ հաստատութեան կեանքին մէջ: Ան ներկայացուց վարչական խորհուրդի անդամները: Խօսք առին նաեւ հոգաբարձու մարմինի եւ շինարարական յանձնախումբի անդամներ, որոնք անդրադարձան այս հիմնարկութեան պատմութեան ու ծրագիրներուն եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին այս աշխատանքին կամաւոր մասնակցողներուն:

Գլխաւոր բանախօսն էր Ռիչըրտ Աարոն, որ կանգ առաւ գործակցական աշխատանքի կարեւորութեան վրայ, իբրեւ յաջողութեան բանալի:

Փակման խօսքը արտասանեց Տեպի Փուչիկեան, որ հրաւիրեց հոգեւոր հայրերը, հոգաբարձութեան անդամներն ու պաշտօնական անձնաւորութիւնները կատարելու հիմնաքարի զետեղումը:

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ խորհրդակցական հանդիպում ունեցաւ Ս. Երրորդութեան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին եւ հոգաբարձութեան հետ եւ այցելեց պատսպարեալները։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022