Առաջնորդ Սրբազանը Անթիլիաս եւ Ս. Էջմիածին Մեկնեցաւ


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երկուշաբթի, 3 Նոյեմբեր 2014ին մեկնեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան, միանալու համար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռի եպիսկոպոսական դասին, Ս. Էջմիածինի մէջ մասնակցելու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսաց Բ. Ժողովին, որ տեղի պիտի ունենայ 11էն 13 Նոյեմբերին, նախագահութեամբ մեր զոյգ հայրապետներուն՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսներուն։

Եպիսկոպոսաց Ժողովը մեր եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս աթոռներուն բարձրաստիճան հոգեւորականները համախմբող ժողովն է, որ պիտի քննարկէ մեր եկեղեցւոյ եւ ազգային հիմնական հարցերը եւ միասնական տնօրինումներ պիտի կատարէ անոնց մասին: Օրակարգին մաս կը կազմեն ծիսական եւ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգութեան առնչուած հարցեր,եւ յատկապէս Ցեղասպանութեան 100ամեակին, նահատակներու սրբադասման եւ մայր հայրենիքին եւ հայութեան վերաբերող հարցեր: Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Սրբազանը մաս կը կազմէ Նահատակներու Սրբադասման յանձնախումբին:

Անցեալ Սեպտեմբերին, դարեր տեւած ընդմիջումէ ետք, Եպիսկոպոսաց Ժողովը իր առաջին ժողովը գումարեց Ս. Էջմիածինի մէջ:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022