Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ամառնային Ս. Գրային Դպրոցը

Ամրան արձակուրդը մանուկներու եւ պատանիներու համար օգտակար ծրագիրներով արժեւորելը հիմնական մտասեւեռում է ծնողներու եւ դաստիարակներու, ինչպէս նաեւ մեր ժողովուրդին ծառայութեան լծուած միաւորներու համար։ Այս մօտեցումով, Արեւմտեան մեր Թեմի կարգ մը եկեղեցիներուն հոգաբարձութիւնները վերջին տարիներուն կը կազմակերպեն ամառնային Ս. Գրային դպրոցներ, որոնք մանուկներուն օգտակար դաստիարակութիւն կը ջամբեն` հաճելի մթնոլորտի մէջ։

Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցին մէկն է նման նախաձեռնութիւններու դիմողներէն եւ կազմակերպած է շուրջ մէկ ամսուան վրայ երկարող ծրագիր մը, որ արդէն կը մօտենայ իր աւարտին։ Ամառնային դպրոցին այս տարուան բնաբանն է Սաղմոսին «Տէրը իմ հովիւս է» համարը, իսկ վարիչն էր Տիկին Աշխէն Երէմեան-Քլեմընզ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, մօտէն ծանօթանալու համար տարուող աշխատանքին եւ իր պատգամը ուղղելու՝ դաստիարակներուն, աշակերտներուն ու ծառայողներուն, Չորեքշաբթի, 26 Յուլիս 2017-ի առաւօտուն այցելութիւն մը տուաւ Ս. Սարգիս Եկեղեցի եւ հիւրընկալուեցաւ աշակերտներուն կողմէ պատրաստուած կոկիկ յայտագիրով մը, որ խորքին մէջ արտացոլացումն էր դաստիարակչական ծրագիրին։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանար եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան. ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան անդամներէն Տիկին Թերէզ Քէմանճեան, Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներ, Տիկնանց Միութեան անդամներ եւ բազմաթիւ ծնողներ։

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Տէրունական Աղօթքով, «Զգործս ձեռաց մերոց» աղօթքով եւ Հայաստանի Քայլերգով։ Յայտագիրը կազմուած էր երգերով ու արտասանութիւններով։ Աշակերտները արտասանեցին յիշեալ սաղմոսը եւ այլ աղօթքներ, «Եկեղեցին Հայկական» բանաստեղծութիւնը, երգեցին «Առաւօտ Լուսոյ», «Սուրբ Աստուած», «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ» շարականները, «Կաքաւի երգ»ն ու «Թիթեռնիկներ»ը։

Տէր Հայրը ողջոյնի խօսք արտասանեց եւ նշեց, որ այս տարի ամառնային դպրոցը կը կազմակերպուի հինգերորդ տարին ըլլալով, բազմատասնեակ աշակերտներ կը հետեւին դասընթացքներուն, կը սորվին աղօթքներ, շարականներ, հայերէն երգեր ու արտասանութիւններ, մէկ խօսքով՝ կը ստանան քրիստոնէական ու հայեցի դաստիարակութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանը, որ խոր գոհունակութեամբ հետեւած էր յայտագիրին, գնահատեց աշակերտները, դաստիարակները, ծնողները, Հոգեւոր Հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, Տիկնանց Միութիւնն ու բոլոր անոնք, որոնք մասնակից են այս ծրագիրին յաջող մարմնաւորման։ Ան կարեւորութեամբ կանգ առաւ աղօթելու կարեւորութեան վրայ, յիշեցուց, որ անցեալ Կիրակի, մեր եկեղեցին տօնեց Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը, վեր առաւ տօնին խորհուրդը եւ յորդորեց բոլորը՝ զայն վերապրելու իրենց հոգիներուն ու կեանքերուն մէջ։ Ան նաեւ ճաշէն ետք արտասանուող «Փառք կերակրողին տիեզերաց» գոհաբանական աղօթքը սորվեցուց աշակերտներուն։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022