Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Փասատինայի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Ամառնային Դպրոցը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Չորեքշաբթի, 25 Յուլիս 2018-ի կէսօրին այցելութիւն մը տուաւ Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցին եւ հանդիպում ունեցաւ ամառնային դպրոցի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներուն հետ, հիւրասիրուելով գողտրիկ յայտագիրով մը։

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան նախաձեռնութեամբ, վեց տարիներէ ի վեր օգտակար աւանդութիւն մը հաստատուած է.
buy avapro generic https://andnewonlineblo.com/avapro.html over the counter

այս տարի, շուրջ 50 մանուկներ ու պատանիներ կը հետեւին ամառնային դպրոցի ծրագիրին, կը սորվին շարականներ, սաղմոսներ, աստուածաշնչական պատմութիւններ, նաեւ կը հետեւին արուեստից դասընթացքներու, մարզանքի եւ հաճելի ժամանց ընծայող խաղերու։

Աշակերտներուն ներկայացուցած փոքր հանդէսը մէկ արտացոլացումն էր դպրոցի յայտագիրին. անոնք ներկայացուցին երգեր, սաղմոսներ եւ իրենց ստացած գիտելիքներուն մասին ծանօթութիւններ։

Հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Պօղոս Քհնյ. Պալթայեան ողջունեց Առաջնորդ Սրբազանը, բացատրութիւն տուաւ տարուող աշխատանքին մասին, եւ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, որպէսզի ուղղէ իր հայրական պատգամը։

Առաջնորդ Սրբազանը, մեկնելով Ս. Հոգիի ներգործութեան եւ Յիսուս Քրիստոսի անհուն սիրոյ մասին ներկայացուած երգի բառերէն, նշեց, որ երբ Ս. Հոգին մեր մէջ գործէ՝ աւելի շնորհալի կը դառնանք եւ Աստուծմով լիացած կեանք մը կ’ապրինք։ Աստուծոյ ներկայութիւնը կը զգանք, երբ մեր հոգիները կը բանանք Անոր առջեւ։ Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտները յորդորեց ըլլալու բարի, հնազանդ եւ կիրարկելու այն բոլորը, որ կը սորվին դպրոցի յարկին տակ։ Այնուհետեւ, ան մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ մանուկներուն ու պատանիներուն հետ, որոնք ճիշդ պատասխաններ տուին եկեղեցւոյ եւ սպասներու մասին իրենց ուղղուած հարցումներուն։ Իր խօսքի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւը, հոգաբարձութեան ու Տիկնանց միութեան անդամները, ուսուցչուհիներն ու բոլոր նուիրեալները, եւ իր խօսքը ուղղելով ծնողներուն՝ նշեց, որ երբ մեր զաւակները Աստուծոյ խօսքով ու շնորհքով կը դաստիարակենք փոքր տարիքէն, անոնք ճիշդ ուղիով կ’ընթանան ապագային։

Աշակերտները նաեւ իրենց մէկ ձեռակերտ գործը նուէր տուին Առաջնորդ Սրբազանին, որուն մէջ Առաջնորդ Սրբազանին կը մաղթէին արեւշատ ու բազմաբեղուն տարիներ։ Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս օրհնեց բոլորը, գնահատելով Հովիւին ու դաստիարակներուն սերնդակերտ աշխատանքը։

Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը աշակերտներուն նուիրեց խաչեր ու աղօթքներ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022