Գոհաբանութեան Տօնի Նախօրեակին Առաջնորդ Սրբազանը Այցելեց Ազգ. Թիւֆէնքեան Մանկամսուր


Տարիներու բարի աւանդութեան համաձայն, Ազգ. Ռիչըրտ Թիւֆէնքեան Մանկամսուր-Մանկապարտէզի վարիչուհի Տիկին Արսինէ Աղազարեան եւ անձնակազմի անդամները Գոհաբանութեան տօնին առիթով կազմակերպած էին հանդիպում մը, որ տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբեր 2014ի կէսօրին, վարժարանի յարկին տակ։

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան այս առիթով այցելեց վարժարանը։ Սրբազան Հօր կ’ընկերանար Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոեգւոր հովիւներէն՝ Արժ. Տ. Վազգէն Քհնյ. Աթմաճեան։ Ներկայ էին նաեւ վարժարանի բարերարուհի Տիկին Սավի Թիւֆէնքեան եւ Ուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչները: Նշենք, որ վարժարանը յառաջիկայ Յունուարին պիտի տօնէ իր հիմնադրութեան 40րդ տարեդարձը:

Աշակերտները պատրաստած էին կոկիկ յայտագիր մը, որ զուարթացուց մթնոլորտը, որմէ յետոյ Առաջնորդ Սրբազանին գլխաւորութեամբ հաւաքական աղօթք կատարուեցաւ, շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ։

Ճաշի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը այցելեց դասարանները եւ մտերմիկ պահ մը ունեցաւ աշակերտներուն հետ: Իր այն հարցումին, թէ ի՞նչ կը հասկնան Գոհաբանութեան տօն ըսելով եւ ի՞նչ բաներու համար իրենք գոհ պէտք է ըլլան՝ աշակերտները պատասխանեցին, թէ ամէն բանէ առաջ շնորհակալութիւն կը յայտնեն Աստուծոյ, իր պարգեւներուն համար, գոհութիւն կու տան որ ծնողներ ունին, քոյրեր ու եղբայրներ, ունին տուն ու դպրոց: Առաջնորդ Սրբազանը մաղթեց որ երբ հասակ առնեն, իբրեւ պարգեւ եւ օրհնութիւն բաշխուին ու ծառայեն ուրիշներուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022