Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց Հայաստանի Նոր Նշանակեալ Գլխաւոր Հիւպատոսին Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Երեքշաբթի, 30 Հոկտեմբեր 2018-ի կէսօրին, Ազգային Առաջնորդարանին մէջ ընդունեց Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի նոր նշանակեալ գլխաւոր հիւպատոս Տիար Արմէն Բայբուրդեանի այցելութիւնը։ Ներկայ էր Ազգային Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան։

Առաջնորդ Սրբազանն ու հայրենի դիւանագէտը արդէն ծանօթ են իրարու, որովհետեւ Տիար Բայբուրդեան անցեալին պաշտօնավարած է Լոս Անճելըսի մէջ։ Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Հայաստանի այժմու զարգացումներուն ու մասնաւորաբար Հայաստան-Սփիւռք գործակցական յարաբերութեանց աւելի՛ եւս զարգացման միջոցներուն վրայ։ Առաջնորդ Սրբազանը վերահաստատեց Ազգային Առաջնորդարանին ու ընդհանրապէս մեր Թեմի ժողովուրդին զօրակցական յանձնառու կեցուածքը՝ Հայաստանի ու Արցախի մարտահրաւէրներու դիմագրաւումին մէջ, յոյս յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ վերջին շրջանի բարեշրջական ընթացքը լիարժէքօրէն անդրադառնայ թէ՛ հայրենիքի ամրակայման եւ թէ Սփիւռքի հետ յարաբերութեանց զարգացման վրայ։ Ան յաջողութիւն մաղթեց հայրենի դիւանագէտին՝ իր նոր առաքելութեան մէջ։

Տիար Բայբուրդեան շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին եւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետին ջերմ ընդունելութեան ու բարի մաղթանքներուն համար, վստահեցնելով, որ հիւպատոսութիւնը պիտի շարունակէ Ազգ. Առաջնորդարանին հետ սերտ գործակցութիւնը։

Աւարտին, տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022