Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Նորընտիր Վարչութեան Այցելութիւնը


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Երեքշաբթի, 6 Դեկտեմբեր 2016ի երեկոյեան, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ. Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան նորընտիր կազմին, գլխաւորութեամբ ատենապետ Տիար Մանուէլ Մարսէլեանի: Հ.Մ.Ը.Մ.ական վարչականները Ազգ. Առաջնորդարան եկած էին փոխադարձ ծանօթացման եւ Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւնը հայցելու նպատակով: Հանդիպումին ներկայ եղան Թեմիս Ազգային Վարչութեան Ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեանն ու անդամներէն Դոկտ. Գալուստ Յակոբեանը:

Առաջնորդ Սրբազանը շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ աշխատանքներուն: Ան այս առիթով անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց այն պատիւին համար, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, Շրջանայինին խնդրանքին ընդառաջելով, ընծայեց իրեն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Օրուան առիթով պարգեւելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ Պատուանշան»ը: Ան նաեւ գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան նուիրեալ աշխատանքին մասին, որ իրագործուեցաւ Ս. Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական այցելութեան օրերուն, մասնաւորաբար երիտասարդութեան հետ Վեհափառ Հայրապետի հանդիպումին կազմակերպման ճամբով: Շնորհաւորական խօսք արտասանեց նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետ՝ Տիար Վահէ Յովակիմեան։

Հանդիպումը առիթ եղաւ խորհրդակցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին, որոնք ունին Ազգ. Առաջնորդարանին հետ գործակցութեան դաշտեր: Անոնց շարքին են սկաուտներու եւ գայլիկներու յատուկ կրօնական-ազգային դաստիարակչական ծրագիրները, որոնց մասնակցողներն ու յաջողութեամբ աւարտողները կ’արժանանան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» եւ «Գայլ Վահան» շքանշաններուն: Հիւր վարչականները Առաջնորդ Սրբազանին հաղորդեցին, որ 2018ը Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100-ամեակն է, որ պիտի նշուի պատշաճ տարողութեամբ, այդ նպատակով նախնական աշխատանքներ սկիզբ առած են. անոնք այս գծով բաժնեկից դարձան Առաջնորդ Սրբազանին մտածումներուն:

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատանքով արտայայտուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սերնդակերտ ու հայակերտ աշխատանքներուն մասին, եւ մաղթեց, որ նորընտիր վարչութիւնը նոր նուաճումներ արձանագրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վաստակին մէջ: Հրաժեշտէն առաջ, ան նաեւ յուշանուէրներ յանձնեց հիւրերուն:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022