Առաջնորդ Սրբազանը Ընդունեց Բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի Այցելութիւնը

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ուրբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2018-ին, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց այցելութիւնը բանաստեղծ եւ վաստակաշատ դաստիարակ Ժագ Ս. Յակոբեանի, որուն «Յիսուսաբոյր» բանաստեղծական հատորը քանի մը օր առաջ լոյս տեսած էր Ազգ. Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ (երրորդ տպագրութիւն)։ Հանդիպումին ներկայ եղան Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան եւ Շիքակոյէն հիւրաբար մեր Թեմը գտնուող Հոգշ. Տ. Ղեւոնդ Ծ. Վրդ. Բէնդէզեան, որ հոգեւոր հովիւն է շրջանի Ամենայն Սրբոց եկեղեցւոյ։

Առաջնորդ Սրբազանը, ողջունելով հոգուով ու միտքով մի՛շտ երիտասարդ բանաստեղծին ներկայութիւնը, անոր յանձնեց նորատիպ հատորին մէկ օրինակը, ըսելով. «Զքոյս ի քոյոց քեզ մատուցանեմ», մաղթեց առողջութիւն եւ գրական իր անդաստանին մէջ նորանոր ծաղկում։

Իր բառով՝ «գարունազարդ» բանաստեղծը գոհունակութիւն յայտնեց հատորին լոյս ընծայման համար, շնորհակալութիւն յայտնելով, որ Ազգ. Առաջնորդարանը վերջին աւելի քան տասը տարիներուն միշտ պատրաստակամ եղած է հրատարակելու իր բանաստեղծութիւններն ու արձակ խոհերը բովանդակող շարք մը հատորներ։ Տարի մը առաջ իր 100-րդ տարեդարձը տօնած բանաստեղծը փառք տուաւ Աստուծոյ, այս ու նման հատորներու հրատարակութեան առիթով, յայտնեց, թէ Աստուծոյ պարգեւած տարիներն ու շնորհքը պատրաստ է միշտ ի սպաս դնելու մեր գրականութեան ու Աստուծոյ խօսքին տարածման՝ այս հատորին բովանդակած բանաստեղծութիւններուն նման ստեղծագործութեանց թէ դաստիարակչական արձակի ճամբով։

Հրաժեշտէն առաջ, Առաջնորդ Սրբազանը անգամ մը եւս առողջութիւն, երկար կեանք եւ գրիչի ծաղկում մաղթեց բանաստեղծին, վերահաստատելով անոր հետ Ազգ. Առաջնորդարանի գործակցութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022