Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Ծննդեան Պատգամը – 2019

Ս. ԾՆՈՒՆԴԸ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԵԱՆ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆՆ Է

«Մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մը յայտնուեցաւ այսօր… Ուրախացէ՛ք, երկինքնե՛ր, թող ցնծան աշխարհի հիմերը, որովհետեւ յաւիտենական Աստուածը երկրի վրայ յայտնուեցաւ եւ մարդոց մէջ ապրեցաւ, որպէսզի մեզ փրկէ։»

Գոհութիւն եւ փառք ամենակալ Աստուծոյ, բոլորիս նոր տարի մը եւս պարգեւելուն համար, որ նոր յոյսով, նոր երազներով եւ նոր տեսլականով, նոր սկիզբ մը ապրելու ժամանակաշրջան մըն է, բարելաւելու համար մեր կեանքը, յարաբերաբար անցեալ տարուան։

Ս. Ծննդեան աւետաբեր մթնոլորտը դարձեալ համակած է բոլորս։ Մանկական անմեղունակ զուարթութիւն մը կը տիրէ ամէնուրեք։ Բոլորիս սրտերը ցնծութեամբ լի են եւ մեր հոգիները՝ աւելի՛ պայծառ, երբ բոլորս կը համախմբուինք մեր սիրելիներով, վայելելու համար նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան ջերմութիւնն ու ուրախութիւնը, տօնական երգեր երգելով ու նուէրներ փոխանակելով։ Թէեւ այս բոլորը գեղեցիկ աւանդութիւններ են, զորս միասին կը վայելենք, սակայն անհրաժեշտ է որ կարենանք թափանցել Ս. Ծննդեան ճշմարիտ խորհուրդին, թէ «Բանը մարդ եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ» (Յհ. 1։14): Այո՛, մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդով, Աստուծոյ հաւատարմութիւնը յայտնուեցաւ մեր կեանքին մէջ։ Ա՛յս է Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան ամենէն գեղեցիկ եւ սրտառուչ պատգամը։

Արդարեւ, Աստուծոյ հաւատարմութիւնը անուրանալի, անսպառ ու յաւերժական իրողութիւն է, եւ Ս. Ծննդեան տօնը հրաշալի առիթն է այս ճշմարտութիւնը մեզի յիշեցնելու։ Ստեղծագործութենէն ի վեր, թէեւ մարդ արարածը մեղանչեց ու ինկաւ եւ Աստուծմէ հեռացաւ, սակայն Աստուած Իր սիրոյն եւ խոստումներուն մէջ միշտ հաւատարիմ մնաց։ Մեր փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի մեծագոյն խոստումը, որ դարեր առաջ Եսայի մարգարէացած էր Աստուածորդւոյն ծննդեան մասին, իրականացաւ. եւ ինչպէս առաքեալը վկայեց, «…յարմար ժամանակը հասած համարելով՝ Աստուած աշխարհ ղրկեց Իր Որդին» (Գաղտ. 4։4): Ի՜նչ գօտեպնդող վստահութիւն է, որ Աստուած միշտ հաւատարիմ է իր խոստումներուն մէջ։ Թէեւ կրնայ ուշ թուիլ, սակայն ի վերջոյ Իր բոլոր ծրագիրներն ու խոստումները կ’արդիւնաւորուին եւ կ’իրագործուին։ Տակաւին, հակառակ մեր բազմապիսի ու շարունակական մեղանչումներուն եւ անկումներուն, Աստուած ապացուցած է, որ «եթէ նոյնիսկ մենք հաւատարիմ չըլլանք, Ինք հաւատարիմ կը մնայ» (Բ. Տիմ. 2։13), որովհետեւ ինչպէս կ’ըսէ սաղմոսերգուն՝ «Տէր, Քու սէրդ երկինքին պէս անսահման է, հաւատարմութիւնդ մինչեւ անպերը կը հասնին» (Սաղմ. 36։5):

Սիրելի հաւատացեալներ,

Մեր հաւաքական պարտքն է գիտակցիլ եւ ընդունիլ, թէ ինչպէ՞ս պիտի կարենանք փոխադարձել մեզի հանդէպ Աստուծոյ ունեցած հաւատարմութիւնն ու բիւրաւոր օրհնութիւնները։ Վստահաբար գիտակից ենք, թէ որքան անկարող ենք ամբողջութեամբ փոխադարձել Աստուծոյ օրհնութիւնները, որովհետեւ որքան ալ փորձենք, չենք կրնար հասնիլ Իր մեզի պարգեւած բարիքներուն։ Հետեւաբար, մարդուն նկատմամբ Աստուծոյ հաւատարմութեան ամէնէն ճշգրիտ պատասխանը՝ մեր կատարեալ հաւատարմութիւնն է Իրեն հանդէպ։ Աստուած կը սպասէ եւ կը յուսայ, որ նմանինք Իրեն, եւ Իր օրինակով ամէն բանի մէջ հաւատարիմ ըլլանք։ Հաւատարմութիւն՝ մեր նմանին հանդէպ մեր խոստումին մէջ, մի՛շտ հետեւող ու հնազանդ ըլլալով Իր պատուիրաններուն, հաւատարիմ՝ նաեւ այն շնորհներուն, զորս Ինք պարգեւած եւ վստահած է մեզի, որոնց կարգին՝ մեր ժամանակը, մեր շնորհները, կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ մեր յարաբերութիւնն ու հաղորդակցութիւնը մեր նմաններուն հետ։

Այո՛, Ս. Գիրքին մէջ անհամար են Աստուծոյ հանդէպ մարդուն հաւատարմութեան օրինակները, ինչպէս՝ Նոյի, Մովսէսի, Աբրահամի եւ դեռ շատ շատերու։ Կեանքի բոլոր մարտահրաւէրներուն դիմաց, անոնք հաւատարիմ մնացին Աստուծոյ եւ Իր յարմար նկատած ժամանակին, իրենք եւ իրենց սերունդները վայելեցին Իր օրհնութիւնները։ Արդարեւ, հաւատարմութեան մեծագոյն օրինակը, որուն պէտք է փորձենք հասնիլ եւ նմանիլ, մեր Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի օրինակն է, որ ենթարկուեցաւ Իր Հօր՝ Աստուծոյ կամքին, եւ Իր առաքելութիւնը, որուն համար աշխարհ եկած էր, կատարելապէս իրագործեց։

Սիրելի հաւատացեալներ,

Մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան այս տօնին, երախտագէտ սրտով միասնաբար տօնենք Իր սէրը, խոնարհութիւնը եւ հաւատարմութիւնը մեզի հանդէպ, որ դարեր առաջ իբրեւ «մեծ եւ սքանչելի խորհուրդ մը» յայտնուեցաւ սուրբ գիշերուան մէջ, որովհետեւ, ինչպէս սաղմոսերգուն կ’ըսէ, «Աստուծոյ հաւատարմութիւնը տեւական է դարէ դար» (Սաղմ. 119։90)։

Հետեւաբար, բոլորս հաւաքական խոստում դառնանք մտածումով, խօսքով, գործով եւ հաւատարմութեամբ լի կեանք մը ապրելու, որպէսզի Ս. Հոգւոյ, սիրոյ, ցնծութեան, խաղաղութեան եւ բարութեան պտուղները վայելենք։

Եկէ՛ք, ուրեմն, յուսալից սրտով ու բարի ցանկութիւններով մաղթենք, որ յառաջիկայ տարին ըլլայ աւելի՛ պայծառ, եւ մեր հաւաքական ծառայութիւնն ու գործունէութիւնը՝ աւելի՛ պտղաբեր, յա՛տկապէս Հայաստանի մէջ, ուր մեր հայրենիքը թեւակոխած է դրական եւ խոստմնալից շրջան մը։

Նոյն ոգիով մնանք դրական եւ խոստմնալից՝ մեր թեմական ու համայնքային կեանքին մէջ, եւ իբրեւ Քրիստոսի հաւատարիմ աշակերտները՝ յառաջ ընթանանք Բեթղեհէմի Փայլուն Աստղին խորհուրդով ու պատգամով, զայն ունենալով իբրեւ մեր կեանքին լուսաւոր փարոսը, մի՛շտ ներշնչուելով Իր սիրոյ եւ ողորմածութեան պատգամով։

Նոր տարուան, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան օրհնաբեր այս տօնին, սիրով եւ երախտագէտ սրտով լի կ’ողջունեմ եւ կը շնորհաւորեմ մեր Թեմի հոգեւոր դասը, ժողովականութիւնը, ծխական շրջանները, կրթական հաստատութեանց մարմիններն ու նուիրեալ ծառայողները, գաղութիս կազմակերպութիւնները, միութիւնները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, եւ մեր սրտագին բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք բոլորին՝ առողջ, երջանիկ, բարեբեր տարի մը ունենալու համար։

Թող Ս. Ծննդեան փառքը ամբողջ տարուան ընթացքին շողայ մեր հոգիներուն մէջ եւ բոլորիս պարգեւէ յոյս, ցնծութիւն, խաղաղութիւն, եւ «առաւել կեանք»ի լիութիւն։

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ
ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ, ԱՌԱՋՆՈՐԴ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ամանոր եւ Ս. Ծնունդ, 2019

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022