Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ս. Զատկուան Պատգամը – 2017

ՔՐԻՍՏՈՍԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ԱՐՇԱԼՈՅՍ

Մեր Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան յաղթական տօնը դարձեալ կը պարուրէ բոլորիս սիրտերն ու հոգիները, մեր էութիւնը վերակենսաւորելով ու ջերմացնելով նորոգեալ յոյսով եւ անսահման ուրախութեամբ, որովհետեւ «Քրիստոս յարութիւն առաւ մեռելներէն, իր մահով մահը նուաճեց եւ իր յարութեամբ մեզի կեանք պարգեւեց. Անոր փառք յաւիտեան» (Ժամագիրք):

Աստուծոյ անարատ եւ անմեղ գառնուկը մարդուն մեղքերը իր վրայ վերցնելով, զայն մաքրեց իր արիւնով, որպէսզի բոլորիս թողութեան, փրկութեան եւ յաւիտենական կեանքի խոստումը ապահովէ: Փա՜ռք ամենակալին, իր բացառիկ շնորհքին համար:

Արդարեւ, Ս. Յարութիւնը յաղթանակի եւ ազատագրութեան տօն է: Յաղթանակը կեանքի՝ մահուան դէմ, բարիին՝ չարին դէմ, սիրոյ՝ ատելութեան դէմ, լոյսի՝ խաւարին դէմ, արդարութեան՝ անօրէնութեան դէմ, եւ ազատագրումի՝ մահուան կապանքներէն։ Առաւել, Ս. Յարութիւնը մեր հին կեանքին փոխանցումն է նոր կեանքի արշալոյսին։ Այո՛, Քրիստոսի հետ խաչին վրայ մեռանք, ինչպէս կը վկայէ Պօղոս Առաքեալ, այլեւս մենք չէ որ կ’ապրինք, այլ Քրիստոս է որ կ’ապրի մեր մէջ: Այս կեանքը, որ այժմ կ’ապրինք մարմնով, կ’ապրինք հաւատալով Աստուծոյ որդիին, որ մեզ սիրեց եւ իր կեանքը զոհեց մեզի համար: (Հմմտ. Գաղատ. 2:20):

Տակաւին, Քրիստոսի յարութիւնը նոր կեանքի եւ նոր եռանդի ազդանշանը եղաւ ոչ միայն անոնց՝ որոնք անձնապէս իրենց սեփական աչքերով վկայեցին այդ հրաշալիքը, այլ նաեւ բոլոր դարերու մարդկութեան: Ճի՛շդ է, Քրիստոսի խաչելութենէն ետք մահն ու թաղումը յուսալքութեան մատնեցին իր աշակերտներն ու հաւատարիմ հետեւորդները, սակայն Զատկուան առաւօտուն, երբ հրեշտակները շեփորեցին թէ Մարդու Որդին յարութիւն է առած, կեանքի յոյսը պատեց բոլորին էութիւնը, եւ սրտաբեկութիւնը իսկոյն տեղի տալով՝ ցնծութիւնն ու յոյսը տիրապետեցին. եւ ահա, աշակերտներն ու բոլոր անոնք, որոնք հաւատքով լի լսեցին աւետիսը՝ նոր կեանք ունեցան եւ Ս. Յարութեան ճշմարտութեամբ եւ զօրութեամբ նոր արարածներ դարձան: Որովհետեւ, ինչպէս կը վկայէ Առաքեալը, «ոեւէ մէկը, որ Քրիստոսի միացած է, նոր արարած է, այլեւս չէ՛ այն՝ ինչ որ էր նախապէս, որովհետեւ ամբողջութեամբ նորոգուեցաւ»: (Բ. Կորնթ. 5:17):

Այս նոր կեանքը մեր լոկ սեփական ուժերով չենք կրնար ապահովել: Մեր կեանքը բարելաւելու համար, բարեփոխումներ կ’ընենք, բայց միայն Տէրն է որ կարողութիւնն ու զօրութիւնը ունի ճշմարտօրէն եւ իրողապէս մեր կեանքը մնայուն ընթացքով բարեփոխելու եւ նոր դարձնելու: Որովհետեւ «ան որ գահին վրայ նստած էր, ըսաւ.- Ահաւասիկ ամէն ինչ նոր կը դարձնեմ» (Յայտ. 21:5):

Այո՛, այս աշխարհի ուժերը ի զուր փորձեցին լոյսը, ճշմարտութիւնը եւ արդարութիւնը թաղել, սակայն ձախողեցան: Անոնք Յիսուսը խաչելով՝ միամտօրէն եւ ինքնախաբէութեամբ կարծեցին, որ իր կեանքին ու առաքելութեան վերջ պիտի դնեն, սակայն Քրիստոս յաղթահարեց ամէն նեղութիւն եւ յաղթական դուրս եկաւ: Ան դժոխքը աւերեց, «անապական յարութեամբը աշխարհը նորոգեց» (Շարական) եւ փրկութեան դուռը բացաւ։

Սիրելիներ, նոր եւ յաւիտենական կեանքը բաց հրաւէր է բոլորիս, պայմանաւ որ պատրաստ ըլլանք ընդառաջելու անոր, հետեւելով Առաքեալի յորդորին: Այնպէս՝ ինչպէս «մկրտութեամբ անոր հետ միասին թաղուեցանք եւ մահուան հաղորդ դարձանք, որպէսզի ինչպէս Քրիստոս Հօրը փառքով յարութիւն առաւ մեռելներէն, նոյնպէս ալ մենք նորոգեալ կեանքով ապրինք» (Հռոմ. 6:4): Քրիստոսով նորոգուած կեանքը երբեք չի նշանակեր հանգստաւէտ կեանք մը ունենալ: Մեր պատմութեան փորձառութենէն գիտենք, եւ ներկայիս ալ կը վկայենք, որ Աստուծոյ որդիներս, տառապանքի, հալածանքի եւ հաւատքի համար նահատակութեան ենթարկուած ենք, եւ տակաւին մինչեւ այսօր կը շարունակենք ենթարկուիլ, որ վստահաբար պիտի առաջնորդէ արդարութեան պսակին:

Ս. Յարութեան այս տօնը պէտք է մեզ հաւաքաբար, հոգեւոր վերածնունդով եւ վերանորոգութեամբ, Աստուծոյ խոստացած պարգեւին արժանացնէ: Այս հրաւէրը անժամանցելի պատգամ մըն է, որ մեր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն իրագործելի է: Յատկապէս՝ Վեհափառ Հայրապետին՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի 2017ը «Վերանորոգման Տարի» հռչակելուն լոյսին տակ: Այս իմաստով, Ս. Յարութեան աւետիսն ու պատգամը կը դառնան վերանորոգման հոմանիշ: Ինչպէս որ Վեհափառ Հայրապետը այնքան յստակ կերպով կը շեշտէ՝ «Աստուծոյ յայտնութիւնը մէկ ու յստակ նպատակ ունէր, մարդկութեան ու ստեղծագործութեան փրկութիւնը, չարէն ու մեղքէն ազատագրումը, այլ խօսքով՝ ամբողջական վերանորոգումը»: «…Քրիստոս Աստուծմէ հեռացած ժողովուրդը դարձուց Աստուծոյ ժողովուրդ, նո՛ր ժողովուրդ, աստուածակեդրոն եւ աստուածանպատակ կեանքով»:

Ահա այս մտածումներով կը մաղթեմ եւ կը յուսամ, որ Ս. Յարութեան կենսատու եւ գօտեպնդող պատգամը անհատաբար, հաւաքաբար եւ ազգովին վերանորոգէ բոլորս եւ քաջալերէ մեզ Քրիստոսի բացած ճանապարհէն քալելու, ինչպէս որ մեր հայրերը քալեցին:

Ս. Յարութեան յաղթանակով զօրացած եւ Ս. Հոգւոյ սպառազինող ներկայութեամբ ներշնչուած, եկէ՛ք, Առաքեալին յորդորին հետեւելով վերանորոգուինք հոգիով, մեր մտածելակերպը փոխելով դառնանք նոր մարդ՝ Աստուծոյ պատկերին համաձայն ստեղծուած, եւ ապրինք ճշմարիտ կեանքը արդարութեամբ ու սրբութեամբ (Հմմտ. Եփսց. 4:23-24): Ուրեմն, ապրինք ու ծառայենք հաւատքով, յոյսով եւ սիրով: Մեր էութենէն վանենք ամէն տեսակի ժխտական երեւոյթ եւ խաւարային մտածում, որպէսզի իւրաքանչիւրէս ճառագայթէ Տիրոջ լոյսը, սէրը եւ գութը:

Ս. Զատկուան այս նուիրական տօնին, մեր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութիւնները կը փոխանցենք Թեմիս Հոգեւորականաց Դասուն, ժողովականութեան, ծխական շրջաններուն, վարժարաններու մարմիններուն, միութեանց, կազմակերպութեանց եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Թող հրաշքներու հրաշքին, յաղթանակներու յաղթանակին յոյսն ու խոստումը ներթափանցեն մեր բոլորի հոգիներէն ներս եւ մեզ կերպարանափոխեն ու դարձնեն նոր արարածներ: Ուրեմն, միասնաբար աղօթենք եւ սաղմոսերգուին բառերով խնդրենք յարուցեալ Փրկչէն եւ իւրաքանչիւրս ըսենք՝ «Մաքուր սիրտ մը հաստատէ մէջս, ո՛վ Աստուած, նոր եւ ուղիղ հոգի դիր ներսիդիս» (Սաղմ. 51:10) եւ փառաւորենք Իր սուրբ անունը, գոչելով՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Սիրոյ ջերմ ողջունիւ,

Աղօթարար՝
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Առաջնորդ
Ա. Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Ս. Զատիկ, 2017

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022