Բողոքի Ցոյց Ազրպէյճանի Բռնութեան Դէմ

Հ.Յ.Դ. Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան Արեւմտեան Շրջանի Կեդրոնական Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Երեքշաբթի, 21 Յուլիս 2020-ին, հազարաւոր հայորդիներ եւ զօրակիցներ համախմուեցան Լոս Անճելըսի Ազրպէյճանի հիւպատոսարանին առջեւ, դատապարտելով Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի դէմ սանձազերծուած ու ցայսօր շարունակուող յարձակումները։ Խօսք առին Հայ Դատի Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիար Րաֆֆի Համբարեան եւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներ։

Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, ցոյցին ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան։

Ինչպէս Կիրակի, 19 Յուլիսին, Այլակերպութեան տօնի պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազանը զօրակցութիւն յայտնած էր Հայոց Բանակին, ան անգամ մը եւս զայն վերահաստատեց նշելով. «Կ’աղօթենք մեր հերոս զինուորներու ապահովութեան եւ անվտանգութեան, որոնք մեր նուիրական հողերն ու սահմանները կը պաշտպանեն, ինչպէս նաեւ՝ մեր հայրենիքի խաղաղութեան եւ կայունութեան համար։ Կ’օրհնենք եւ կը գնահատենք մեր երիտասարդութիւնը, որ միշտ հայրենասիրութեան կանչին ընդառաջ եւ պահանջատիրութեան ոգիով զսպանակուած իր ձայնը կը բարձրացնէ ի խնդիր արդարութեան եւ խաղաղութեան հաստատման՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայատանի տեսլականով»։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022