«Վերանորոգումի Տարուան» Հայրապետական Պատգամի Ընթերցում


Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան անցեալ շաբաթավերջին Լոս Անճելըս վերադարձաւ Անթիլիասէն, ուր մասնակցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Կրօնական եւ Խառն Ժողովներու նիստերուն, եւ ուրկէ բխած որոշումները Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժանմունքէն հրապարակուած էին նիստերու աւարտին:

Կիրակի, 29 Յունուար 2017ին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ առաջին առիթը ունեցաւ հաւատացեալներուն խօսելու Անթիլիասի ժողովներուն ու անոնց արդիւնքներուն մասին: Պատարագիչն էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը՝ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան: Ներկայ էին Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Վահէ Յովակիմեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տիար Տարօն Տէր Խաչատուրեան, ազգային երեսփոխաններ, հոգաբարձութեան անդամներ, Ազգ. Ֆերահեան Վարժարանի տնօրէնուհին՝ Տիկ. Սօսի Շանլեան եւ Ուսումնական Մարմինի ներկայացուցիչները, եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Վարժարանի աշակերտները, շրջանի կազմակերպութեանց եւ միութեանց ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազանը առաջին հերթին ներկայ հաւատացեալներուն փոշանցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ողջոյններն ու հայրապետական օրհնութիւնը, հանգամանօրէն անդրադարձաւ Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան զոյգ ժողովներու քննարկումներուն, որոնք ընդգրկած էին Կաթողիկոսութեան յարկին ու հովանիին տակ անցեալ տարի տարուած աշխատանքի դաշտերը. կարեւորութեամբ քննարկուած են ու համապատասխան ծրագիրներ մշակուած՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան, երիտասարդական կեանքի աշխուժացման, միջ-եկեղեցական ու միջ-կրօնական յարաբերութեանց զարգացման, Դպրեվանքի յարկին տակ տարուող բազմաբնոյթ աշխատանքներուն, մեր նուիրապետական աթոռներուն հետ գործակցութեան զարգացման, հայկական յարանուանութեանց հետ յարաբերութեանց սերտացման, ընկերային ծառայութեան, Արցախի օժանդակութեան ու մասնաւորաբար «Նոր Կիլիկիա» գիւղի շինարարութեան աշխատանքներուն, Սուրիոյ հայութեան տագնապը ամոքելու եւ Սիսի Կաթողիկոսարանի վերատիրացման առաջադրանքներուն համար, ի շարս այլ այժմէական հարցերու:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԻ 25-ԱՄԵԱԿ Առաջնորդ Սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ նոյն օրը, ազգովին կը տօնենք Հայկական Բանակի կազմութեան 25րդ տարեդարձը: Ան այս առիթով, ու յանուն Արեւմտեան մեր Թեմին՝ ողջունեց հայրենի իշխանութիւնները, բանակի հրամանատարութիւնը եւ քաջարի զինուորները, աղօթք բարձրացուց, որ Աստուծոյ Ս. Աջը ընդմիշտ հովանի ըլլայ հայրենի հողը պաշտպանողներուն վրայ եւ անսպառ ուժ պարգեւէ բոլորին:

Առաջնորդ Սրբազանը յիշեցուց, որ անցեալ 25 տարիներուն, ու մինչեւ այսօր, մեր քաջարի բանակը զարնուած է ու կը զարնուի բազմաթիւ փորձաքարերու «եւ ճակատաբաց ապացուցեց, որ արժանի ժառանգորդն է այն դրօշին, որ առաջնորդած է հին ու նոր թշնամիներուն դէմ մեր մղած պայքարը», որովհետեւ «մեր բանակի հրամանատարներուն ու զինուորներուն մէջ կը խայտայ Վարդան Մամիկոնեանի ու անոր 1036 վկաներուն արիւնը, անոնց հոգիները կռանուած են հայ ֆետայիներուն ու Արցախեան Ազատամարտը կերտած քաջորդիներու գործնական պատգամներով: Այսօ՛ր ալ մեր սահմանապահ զինուորները արիաբար կը պաշտպանեն Արցախի ու Հայաստանի սահմանները, իրենց կեանքը կը զոհաբերեն աննահանջ, այն գիտակցութեամբ, որ իմացեալ մահը, գերագոյն արժէքին՝ հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհաբերուած կեանք մը անմահութեան կը հասցնէ նահատակը»: Ան իր խօսքը եզրափակեց մշտանորոգ կենսունակութիւն եւ անսասանութիւն մաղթելով մեր բանակին:

«ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՏԱՐԻ» Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը ընթերցեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրապետական պատգամը, որ 2017 տարին կը հռչակէ «Վերանորոգումի Տարի»: Նշենք, որ Հայրապետական պատգամը, Առաջնորդ Սրբազանին տնօրինումով, Կիրակի օր ընթերցուեցաւ նաեւ մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ: Առաջնորդ Սրբազանը կանգ առաւ հայրապետական պատգամէն բխած հիմնական յորդորներուն վրայ, որոնք կը նշեն, թէ վերանորոգումը Աստուածաշունչին մէջ նպատակ է, կը կազմէ առանցքը եկեղեցւոյ առաքելութեան, քրիստոնէական մեր հաւատքը յստակ հրամայականներ կ’առաջադրէ վերանորոգումի իմաստով, ու տակաւին, վերանորոգումը նաեւ ազգային հրամայական մըն է: Առաջնորդ Սրբազանը շեշտեց, որ Վեհափառ Հայրապետին պատգամէն բխած այդ սկզբունքներուն եւ ուղեցոյցին հիմամբ է որ կոչուած ենք վերանորոգելու մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերը, մեր ներաշխարհն ու միտքը, մեր աշխատանքի անհատական ու հաւաքական ասպարէզները, որպէսզի կարելիութիւնը ունենանք համընթաց ըլլալու կեանքի արագ վազքին հետ, մասնաւորաբար նկատի ունենալով մեր ազգային կեանքի պահանջները, նոր սերունդներուն ակնկալութիւնները, ու ամէնէն կարեւորը՝ վերանորոգութեան համար առաջնահերթ նկատել հայ կեանքի վերականգնումն ու արդիականացումը:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022