Առաջնորդ Սրբազան Ընդունեց Համազգայինի Կեդրոնական եւ Հիւսիսային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեանց Ներկայացուցիչները

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Շաբաթ, 16 Մարտ 2019-ին, Ազգային Առաջնորդարանի «Սիւլահեան» դահլիճին մէջ ընդունեց այցելութիւնը Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ Տեարք Վիգէն ԹիւՖէնքճեանի, Հրայր Պարոնեանի, Մանուկ Չուխաճեանի եւ Համազգայինի Հիւսիսային Ամերիկայի երեք Շրջանային Վարչութեանց՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան եւ Արեւելեան շրջաններու եւ Քանատայի ատենապետներուն, Տիկնայք Սեդա Սիմոնեանի, Արեւիկ Գաբրիէլեանի եւ Ծովիկ Գահուէճեանի։ Առաջնորդ Սրբազանին կողքին ներկայ էին Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, Ազգ. Վարչութեան ատենապետ Տիար Կարօ Էշկիեան եւ անդամ Տիար Արա Շապանեան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց հիւրերը, վեր առնելով այն գործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը, որ Ազգ. Առաջնորդարանը կը տրամադրէ Համազգայինի մշակութակերտ գործունէութեան։

Հանդիպումը առիթ եղաւ տեսակէտներ փոխանակելու Համազգայինի աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն մասին. Կեդրոնական Վարչութեան անդամները անդրադարձան Կեդրոնականի մակարդակով տարուած աշխատանքներուն, ինչպէս Համազգայինի ենթակայ կրթական կառոյցներուն, հրատարակութիւններուն, հայագիտականի ձեռնարկներուն, երիտասարդութիւնը ներգրաւելու ծրագիր-նախաձեռնութիւններուն, հայ բեմին, կեդրոնականի գրասենեակի հաստատման եւ տնտեսական հարցերուն։ Երեք Շրջանային վարչութեանց ատենապետները ներկայացուցին տեղական իրենց ծրագիրները, ինչպէս պատանեկան գիրքի մրցոյթ, Թումոյի հետ գործակցութիւն, մշակութային ձեռնարկներ, մանկական երգչախումբերու հիմնում, թատերական, եւ աւանդոյթներու պահպանման ծրագիրներ եւայլն, գոհունակութիւն յայտնելով Ազգ. Առաջնորդարանի գործակցութեան ու զօրակցութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազանն ու Տիար Ատենապետը գնահատանքով արտայայտուեցան Համազգայինի տարածուն աշխատանքին եւ անոր նուիրեալ ծառայողներուն մասին, նշելով, որ անոնք ճիգ չեն խնայեր բարձր պահելու հիմնադիր սերունդին վառած ջահը սփիւռքի բոլոր օճախներուն մէջ Լիբանանէն մինչեւ հեռակայ շրջաններ եւ Հայրենիքի մէջ, իրականացնելու անոնց տեսլականները։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022