ՀՕՄ-ի Ննջեցեալներու Յիշատակին Հոգեհանգիստ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ եւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան խնդրանքով, Կիրակի, 24 Փետրուար 2019-ին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի ՀՕՄ-ի հին ու նոր ննջեցեալ ծառայողներու եւ բարերարներու հոգիներու խաղաղութեան համար։

Առաջնորդ Սրբազանը պիտի հանդիսապետէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, պիտի կատարէ Ս. Գէորգի սրբանկարի օծումը, եւ պիտի փոխանցէ իր պատգամը։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդն ու մասնաւորապէս ՀՕՄ-ականները՝ ներկայ ըլլալու Ս. Պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան, յարգելու յիշատակը հանգուցեալ նուիրեալներուն ու լսելու Առաջնորդ Սրբազանին պատգամը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022