Հոգեհանգիստ Թեմիս Եկեղեցիներէն Ներս՝ Լիզպոնի Հինգ Հերոսներուն Նահատակութեան 37-րդ Տարելիցին Առթիւ

Երկուշաբթի 27 Յուլիս 2020ը, 37-րդ տարելիցն էր Լիզպոնի հինգ հերոսներուն՝ Սիմոն Եահնէեանի, Վաչէ Տաղլեանի, Սարգիս Աբրահամեանի, Արա Գրճըլեանի եւ Սեդրակ Աճէմեանի նահատակութեան:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Կիրակի, 26 Յուլիսին, Թեմիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Լիզպոնի Հինգին հոգիներուն խաղաղութան համար։

Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսապետեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Ան օրուան Աւետարանական հատուածին հետեւելով յաւուր պատշաճի քարոզի վերջին բաժինը ձօնեց Լիզպոնի Հինգի անմեռ յիշատակին։ Նահատակներ՝ որոնք իրենց զոհաբերութեամբ աշխարհին յիշեցուցին, որ Ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ հայրենի հող կորսնցուցած Հայ ժողովուրդը չէ մոռցած ու պիտի չմոռնայ իր իրաւունքները, Թուրքիոյ պետութեան դէմ պայքարը պիտի շարունակուի մինչեւ արդար ու ամբողջական հատուցում։ «27 Յուլիս 1983-ին, հինգ երիտասարդ կեանքեր մատուցուեցան մեր Դատի զոհասեղանին. անոնք գացին միանալու մեր պատմութիւնը կերտած բոլոր նահատակներուն, որոնք դարերու ընթացքին մարտնչած էին վասն հաւատոյ, վասն հայրենեաց եւ ազգային իրաւունքի։ Մեր պատմութիւնը հարուստ է անուանի ու անանուն զոհողութեամբ նուիրականացած հերոսական դրուագներով՝ Վարդանանց Հերոսամարտէն առաջ ու վերջ, հասնելով մինչեւ 19-րդ դարու ազատագրական շարժում, անցնելով Սարդարապատէն ու նուաճելով Արցախեան Պայքարի բարձունքները։ Իսկ այս օրերուն, մեր քաջարի բանակի աննման զինուորները նոյն զոհողութեան ոգիով, նոյն յանձնառութեան կամքով եւ նոյն քաջութեան անձնազոհութեամբ պաշտպանեցին, կը պաշտպանեն եւ պիտի պաշտպանեն հայրենիքի սահմանները Տաւուշէն մինչեւ Արցախի պաշտպանական բարձունքներն ու դիրքերը», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Խօսելով Լիզպոնի Հինգ տղոց անձնուիրութեան եւ հայրենասիրութեան մասին, ան ընդգծեց, որ անոնք յետագայ սերունդներուն համար դարձան ներշնչումի աղբիւր եւ վառ օրինակ՝ իրենց արեամբ վկայագրելով, որ մեր պայքարը նահանջ ու տկարութիւն չի ճանչնար, տէրն ենք մեր անսակարկելի ու անվիճելի հողերուն, մշակութային դարաւոր ժառանգութիւններուն, թէ՝ ո՛չ հուրը, ո՛չ սուրը եւ ոչ ալ ժամանակը պիտի կարենան թուլացնել մեր վճռակամութիւնը։ «Այսօր, երբ անգամ մը եւս կը խոնարհինք անոնց յիշատակին, կ’աղօթենք առ Աստուած, որ Լիզպոնի մեր նահատակներուն հոգիներուն պարգեւէ երկնային խաղաղութիւն ու զանոնք արժանացնէ հայրենիքին ու ազգին համար ինկած նահատակներու լուսապսակին, իսկ մեզի ընծայէ անոնց ուղին ընդարձակելու արիութիւնն ու միջոցները։ Կ’աղօթենք նաեւ, Ազրպէյճանական թրքաբարոյ վերջին յարձակումներուն զոհ գացած արի մեր զինուորներուն յիշատակին։ Յարգա՛նք Լիզպոնի հերոսներուն, յարգա՛նք մեր բոլոր նահատակներուն», եզրափակեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022