Ինչպէս ծանօթ է, Պոլսոյ հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Բ. Արք. Մութաֆեան վախճանեցաւ 8 Մարտ 2019-ին։
Կիրակի, 10 Մարտին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի աղօթք բարձրացուեցաւ վախճանեալ Պատրիարք Հօր յիշատակին։
Վերջին օծումն ու թաղման կարգը տեղի պիտի ունենան Կիրակի, 17 Մարտին։ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, Ս. Աթոռս ներկայացնող պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի յուղարկաւորութեան, իսկ նոյն օրը, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր Տաճարին մէջ հոգեհանգիստ պիտի կատարուի Պատրիարք Հօր հոգւոյ խաղաղութեան համար։
Վեհափառ Հայրապետին թելադրութեամբ, մեր բոլոր Թեմերու եկեղեցիներուն մէջ եւս հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Տ. Մեսրոպ Պատրիարքի յիշատակին եւ պիտի ընթերցուի Նորին Ս. Օծութեան ցաւակցագիրը։
Կոչ կ’ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, որ ներկայ ըլլայ Ս. Պատարագին եւ հոգեհանգստեան արարողութեան, ու աղօթք բարձրացնէ երջանկայիշատակ Պատրիարքին հոգուոյ խաղաղութեան համար։
Յայտնենք, որ Պոլսահայ Միութիւնը Շաբաթ, 16 Մարտի երեկոյեան, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ յուշահանդէս մը կազմակերպած է, յարգելու համար հոգելոյս Պատրիարքին յիշատակը։ Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան ներկայ պիտի ըլլայ ձեռնարկին եւ պիտի ընթերցէ Առաջնորդ Սրբազանին ցաւակցագիրը։