Ս. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեան Քահանայական Սեւ Ծաղկեայ Փիլոն Կրելու Իրաւունք Կը Ստանայ

Կիրակի, 21 Յունիս 2020-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան հանդիսապետեց Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի Ս. Պատարագին, որու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի տնօրինումով, քահանայական սեւ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհեց հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աշոտ Քհնյ. Գամպուրեանին։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզի սկզբնաւորութեան Հայրերու Օրուան առթիւ նախ շնորհաւորեց բոլոր հայրերը, նշելով, որ հայրութիւնը Աստուծոյ կողմէ տրուած ամենամեծ առանձնաշնորհումներէն է եւ սակայն մեծ պատասխանատուութիւն կ՛ենթադրէ, որովհետեւ տիպար հայրը ո՛չ միայն իր ընտանիքին ուսուցիչը, օրինակն ու ներշնչումն է, այլեւ իր հոգածութեամբ ու սիրով զանոնք առաջնորդողը։ Ան աղօթք բարձրացուց, որ Աստուած օրհնէ բոլոր հայրերը ու անոնց առողջ եւ ուրախ տարիներ պարգեւէ, իսկ ննջեցեալ հայրերու հոգիներուն՝ խաղաղութիւն։

Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ յիշեց, որ այս շաբաթավերջը իրեն համար իւրայատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ կը զուգադիպի իր կուսակրօն քահանայութեան օծման 44-րդ եւ եպիսկոպոս ձեռնադրութեան 23-րդ զոյգ տարեդարձներուն, որոնք առիթ են ուխտի եւ ծառայութեան վերանորոգութեան։ Ան խնդրեց հաւատացեալներէն, որ աղօթեն բոլոր հոգեւոր հայրերուն համար, որպէսզի անոնք շարունակեն իրենց առաքելութիւնը իբրեւ «մշակներ առանց ամօթոյ»։

Այնուհետեւ, անդրադարձաւ Ս. Մեծն Ներսէս Հայրապետին կեանքին ու ժառանգութեան, որուն տօնը նշուեցաւ նախորդ օր, ընդգծելով, որ Ս. Ներսէս կը շարունակէ հաւատքի ու ծառայութեան օրինակելի տիպար հանդիսանալ, որուն նուիրումին, մեր ժողովուրդին մատուցած իր հոգեւոր եւ ընկերային ծառայութեան շնորհիւ «Մեծն» եւ «Սրտերու Լուսաւորիչ» տիտղոսները վաստակեցաւ։ Ան նաեւ նկատուած է որպէս առաջին մեծ բարեկարգիչը Հայ Եկեղեցւոյ, որուն պաշտօնավարութեան տարիներուն մեր Եկեղեցին ծաղկում ապրեցաւ։ Ան սիրեց զԱստուած ամբողջ մտքով ու հոգիով եւ սիրեց իր հօտը. հիմնեց վանքեր ու դպրոցներ, անկարներուն, տկարներուն եւ կարիքաւորներուն համար հանգստավայրեր ու հիւանդանոցներ կառուցեց։ «Այնպէս ինչպէս Ս. Աթոռոյս գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս յաճախ կը յորդորէ բոլորիս, որ Եկեղեցին ժողովուրդին տանինք. Ս. Ներսէս Հայրապետ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին այդ բոլորը կատարելապէս իրագործեց։ Որպէս իսկական հովիւ եւ հոգեւոր հայր, միշտ իր հօտին հետ եղաւ՝ շարունակ զանոնք ներշնչելով ու յուսադրելով», ըսաւ ան։

Խօսելով վերջին ժամանակներուն կրօնի, Եկեղեցւոյ եւ բարոյական արժէքներու նկատմամբ աճող անտեսումին եւ յատկապէս Սփիւռքի տարածքին մեր հաւատքին ու ազգային ինքնութեան սպառնացող զանազան ազդեցութեանց մասին, Առաջնորդ Սրբազանը կոչ ուղղեց ներկաներուն եւ մասնաւորաբար մեր երիտասարդութեան, որ իբրեւ զաւակները մեր Տիրոջ եւ մեր Եկեղեցւոյ, զգօն եւ հաւատարիմ մնան մեր արմատներուն։ Անդրադառնալով Հայաստանի եւ Լիբանանի մէջ մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն, Առաջնորդ Սրբազանը մատնանշեց, որ մենք՝ որպէս Աստուծոյ եւ մէկ ազգի զաւակներ, մէկ մարմնի անդամներ ենք եւ պարտաւոր ենք իրարու աջակցելու Մեծն Ներսէս Հայրապետի օրինակով, որ իր կեանքը նուիրեց իր ժողովուրդին՝ բոլորին ցաւերը ամոքելով եւ կարիքները հոգալով։ «Այսօր, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, իր Հայրապետով ու Միաբանութեամբ, Առաջնորդարաններով եւ Եկեղեցիներով կը փորձէ հասնիլ մեր ժողովուրդի ծով կարիքներուն՝ անոնց ցաւերը մեղմացնելով եւ Քրիստոսի լոյս փրկութիւնը տարածելով։ Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորիդ միանալու այս աստուածահաճոյ գործունէութեան եւ օգնութեան ձեռք կարկառելու մեր կարիքաւոր քոյրերուն ու եղբայրներուն», հաստատեց ան եւ իր քարոզը աւարտեց՝ անգամ մը եւս յանձնարարելով հաւատարիմ մնալ մեր հաւատքին եւ ժառանգութեանց, որոնց պահպանութեան համար մեր նախնիք դարեր շարունակ պայքարեցան։

Ապա, Առաջնորդ Սրբազանը յայտարարեց, որ Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով իր խնդրանքին՝ քահանայական սեւ ծաղկեայ փիլոն կրելու իրաւունք շնորհած է Տէր Աշոտին։ Ան շնորհաւորեց քահանայ հայրը եւ աղօթեց, որ իր ծառայական կեանքին մէջ անշեղ մնայ՝ ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն մեր Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն մեր ազգին։

«Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, հոգեւոր տեսուչ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան հայրապետական կոնդակը բարձրացուց խորան ու ընթերցեց։ Վեհափառ Հայրապետը կոնդակին մէջ համոզում յայտնած էր, որ Տ. Աշոտը Աստուծոյ օրհնութեամբ պիտի շարունակէ իր քահանայական նուիրեալ ծառայութիւնը Արեւմտեան Թեմէն ներս եւ աղօթք բարձրացուցած, որ Աստուած իրեն շնորհէ քաջառողջութիւն եւ անսպառ կորով, որպէսզի վերանորոգ խանդով շարունակէ իր սպասաւորութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս։

Տէր Աշոտ ծունկի գալով, Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ ստացաւ ծաղկեայ փիլոնն ու իրեն ուղղուած հայրապետական կոնդակը։ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս շնորահաւորեց Տէր Աշոտը եւ գնահատեց Հայ Եկեղեցւոյ մէջ քսանամեայ եւ Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ 16 տարիներու ծառայութիւնը, յիշեցնելով, որ իւրաքանչիւր պատիւ ու շնորհաբաշխում կը պարտաւորացնեն մեզ աւելի պատասխանատու դառնալու մեր առաքելութեան մէջ։ Ան շնորահաւորեց Տէր Հօր եւ համայնքի ընտանիքները եւ մաղթեց, որ առաւել գիտակցութեամբ եւ պատասխանատուութեամբ շարունակէ իր ծառայութիւնը։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022