ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայց. Առաք. Եկեղեցի

Հոգշ. Տ. Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, Հոգեւոր Հովիւ

51 Commonwealth Ave.
San Francisco, CA 94118

Telephone: (415) 751-9140
Fax: (415) 751-9707

Website: www.stgregorysf.org
E-mail: office@stgregorysf.org

Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ հայկական գաղութի մը կազմաւորումը կ’երթայ մինչեւ 1900-ականներու սկիզբը, երբ հայեր կը հաստատուին այդ շրջանը:  Բանաւոր աղբիւրներու համաձայն, 1926 թուականին Արժ. Տ. Խաչիկ Քհնյ. Գռուզեան առաջին Հոգեւոր Հովիւը կը դառնայ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ծովածոցի հայ համայնքին, որ այդ օրերուն շուրջ յիսուն ընտանիք կը հաշուէր:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ ծուխը կազմակերպ կառոյցի կը վերածուի 1953 թուականին:

Նորընտիր Հոգաբարձական կազմին տնօրինումով, Սերպերու պատկանող եկեղեցւոյ մէջ, 27 Դեկտեմբեր 1953-ին տեղի կ’ունենայ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ, Արժ. Տ. Եղիշէ Քհնյ. Մխիթարեանի կողմէ, որ իբրեւ այցելու հովիւ հրաւիրուած էր Ֆրեզնոյէն:

1955-ին, Շինարարական Յանձնախումբի անխոնջ աշխատանքներով կը գնուի 51 Commonwealth Avenue-ի վրայի կալուածը, որ ունէր հսկայ գրադարան մը եւ կրնար ծառայել իբրեւ եկեղեցի, շուրջ 120 հոգի ընդունելով:  24 Նոյեմբեր 1957-ին, առաջին Պատարագը կը մատուցուի մատուռի վերածուած այդ գրադարանին մէջ:

Ի վերջոյ, հայկական ոճով գեղակերտ եկեղեցւոյ կառուցումը կ’իրագործուի, շնորհիւ ժողովուրդի առատաձեռն մասնակցութեան, եւ շինարարական յանձնախումբի անդուլ ճիգերուն:

Օծման արարողութիւնը տեղի կÿունենայ 1966ին, ձեռամբ Ամերիկահայոց Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Հրանդ Արք. Խաչատուրեանի, որ Աստուծոյ նորակերտ տունը կ’անուանէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022