Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ Մարմինը – ՍԱՐՖ – Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբեր 2017-ի երեկոյեան կազմակերպած էր հանգանակային ընթրիք-ընդունելութիւն մը, գործնական մասնակցութիւն ցուցաբերելու համար Սուրիոյ մեր գաղութին ու մասնաւորաբար Հալէպի մեր օճախին վերականգնումին ու վերակառուցման ճիգերուն։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Չեւի Չէյս Քաունթրի Քլապ»ին մէջ, Կլենտէյլ. պատուոյ հիւրն էր Բերիոյ հայոց Թեմի Առաջնորդ եւ Սուրիոյ Հայութեան Շտապ Օգնութեան մարմինի ատենապետ Բարձր. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, որ շաբաթասկիզբին Լոս Անճելըս ժանամած էր։ Ներկայ էին Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական համայնքներու առաջնորդները, հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց պատասխանատու ներկայացուցիչներ, Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամներէն Էնթընի Փորթանթինօ, Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհրուդի անդամներէն Զարեհ Սինանեան, բարերարներ եւ ՍԱՐՖ-ի բարեկամներ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան ներկայ եղաւ ձեռնարկին եւ ուղղեց իր պատգամը։ Առաջնորդ Սրբազանին կ’ընկերանային Առաջնորդական փոխանորդ Գերպ. Տ. Թորգոմ Ծ. Վրդ. Տօնոյեան, Կրօնական Ժողովի ու Ազգ. Վարչութեան անդամներ։
Բացման խօսքը արտասանեց ՍԱՐՖի քարտուղարուհին՝ Տիկին Սօնա Մատարեան, որ ողջունեց հիւրերն ու ներկաները։ Ատենապետը՝ Րաֆֆի Քենտիրճեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց կրօնական ու համայնքի կազմակերպութեանց պատասխանատուներուն, անցեալ աւելի քան 6 տարիներուն անոնց նիւթական ու բարոյական զօրակցութեան համար, գնահատանքով արտայայտուեցաւ ՍԱՐՖ-ի ծառայողներուն մասին, ու յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Բերիոյ հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազանին՝ անոր «ներշնչում առթող» ներկայութեան համար։
Գեղարուեստական յայտագիրը կ’ընդգրկէր երգեր ու ասմունքներ, ինչպէս նաեւ Հալէպէն հասած աշակերտական նամակներու ընթերցում՝ աշակերտներու կողմէ։
Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդը ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը, որ ապացոյց է Սուրիահայութեան մեր գաղութի զօրակցութեան, մասնաւորաբար ողջունեց Բերիոյ հայոց Թեմի Առաջնորդը, ու շեշտեց, որ այս հաւաքը նորագոյն ապացոյց մըն է, որ մենք Սուրիահայութեան կողքին էինք տագնապի ծանր տարիներուն, անոնց հետ պիտի ըլլանք նաեւ այսօր ու վաղը, երբ լծուած են վերակառուցման ու վերականգնումի վսեմ աշխատանքին։ Ան նշեց, որ Հալէպի հայութեան ապրած դառն փորձառութիւնները կարելի է համեմատել Աստուածաշունչի դէմքերէն՝ Յոբի փորձառութեանց, որովհետեւ անոր նման, հալէպցիք յոյսն ու Աստուծոյ նկատմամբ վստահութիւնը չկորսնցուցին պատերազմի ու քանդումի տարիներուն, եւ ահա այսօր թեւակոխած են վերակառուցման ուղին, զոր պիտի կերտեն մեր աջակցութեամբ։
Ցուցադրուեցաւ «Պիտի վերակառուցենք» խորագրեալ ժապաւէն մը, որ կը ներկայացնէր Հալէպի վերականգնումի աշխատանքներէն դրուագներ։
Գլխաւոր բանախօսն էր Շահան Սրբազանը. ան առաջին հերթին շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնեց Սուրիոյ հայութեան հանդէպ ցուցաբերուած գուրգուրանքին ու աջակցութիւններուն համար, որուն «Առիւծի բաժինը» տրամադրուած է ամերիկահայութեան կողմէ։ Ան յայտնեց, որ դասախօսելու չէ եկած, այլ՝ վկայելու, թէ Հալէպի հայութիւնը տոկաց պատերազմի ծանր օրերուն եւ այժմ լծուած է վերականգնումի աշխատանքին։ Ան նշեց, որ թէեւ նիւթական կառոյցներ քանդուած ու վնասուած են, սակայն բարոյական կորովն ու հաւաքական կամքը ամուր է, ժողովուրդը կը վերապրի, շնորհիւ իր հաւատքին, արագ ակնարկով մը անդրադարձաւ Հալէպի ազատագրումէն ասդին, 10-11 ամիսներուն տեղի ունեցած վերակառուցման աշխատանքերուն մասին, որոնք կ’ընդգրկեն անհատական ու հաւաքական կեանքի բնագաւառները։ Բնակարաններու, գործատեղիներու եւ դպրոցներու վերակառուցումը ընթացքի մէջ է, յաջորդ փուլին պիտի վերակառուցուին եկեղեցիներն ու Ազգ. Առաջնորդարանը։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ համայնքը պիտի յաջողի հաւաքական ճիգերով կերտել վերականգնումի ճանապարհը եւ անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց ամերիկահայ համայնքին՝ անոր զօրակցութեան ու օժանդակութեան համար։
Տիար Րաֆֆի Քէնտիրճեան եւ ՍԱՐՖի նախկին ատենապետ Տիար Ժան Թիթիզեան յուշանուէրով մը պատուեցին Շահան Սրբազանը՝ քաջարի առաջնորդի իր արժանիքին նկատառումով, նաեւ յուշանուէր մը յանձնեցին «Անի եւ Նարօտ Յիշատակի Հիմնարկ»ի նախագահ Րաֆֆի Արտալճեանի՝ Հայաստան ապաստանած սուրիահայերու տրամադրուած օժանդակութեանց համար։