Ս. Ծննդեան Ժամանակացոյց

Կիրակի, 6 Յունուար 2019-ին, Հայց. Առաքելական Ս. Եկեղեցին պիտի նշէ Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը։ Շաբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի պիտի ունենայ Ճրագալոյցի հոգեպարար արարողութիւնը, իսկ Կիրակի, 6 Յունուարին՝ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ, որուն ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Ջրօրհնէքի արարողութիւնը, որ կը խորհրդանշէ մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Յիսուս Քրիստոսի մկրտութիւնը Յորդանան գետին մէջ։

Շաբաթ, 5 Յունուարի երեկոյեան, Ճրագալոյցին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ եւ իր պատգամը պիտի փոխանցէ Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարին մէջ։ Առաջնորդական փոխանորդ Գերշ. Տ. Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Քրեսենթա Հովիտի եկեղեցւոյ մէջ։

Կիրակի, 6 Յունուարին, Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին, Առաջնորդ Սրբազանը հանդիսաւոր Ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ, իր պատգամը պիտի ուղղէ եւ Ջրօրհնէքի արարողութիւն պիտի կատարէ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ։ Առաջնորդական փոխանորդը պիտի պատարագէ եւ պիտի քարոզէ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։

Երեկոյեան, ժամը 6-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան» աւանդական ընթրիքը։

Երկուշաբթի, 7 Յունուարին, Մեռելոցին, հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Հոլիվուտ Հիլզի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Hall of Liberty» սրահին եւ Կլենտէյլի «Forest Lawn» գերեզմանատան «Church of the Recessional» եկեղեցւոյ մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին։ Առաջնորդ Սրբազանը պիտի նախագահէ Հոլիվուտ Հիլզի արարողութեան։

Իսկ Երեքշաբթի, 8 Յունուարին, կէսօրէ ետք ժամը 12:30-ին Առաջնորդ Սրբազանը, ընկերակցութեամբ հոգեւոր հովիւներու, ջրօրհնէք պիտի կատարէ Glendale Memorial հիւանդանոցի յարկին տակ։

Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը մասնակից ըլլալու Աստուածորդւոյն Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած այս արարողութեանց եւ հոգեկան ցնծութիւն ապրելու Երկնաւոր Հօր կողմէ մարդուն տրուած մեծագոյն պարգեւին համար։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022