Միջ-դպրոցական Ասմունքի 6-րդ Տարեկան Մրցումը

Հովանաւորութեամբ Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինին, Շաբաթ, 16 Մարտ 2019-ին, Ազգ. Վահան եւ Անոյշ Շամլեան վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջ-դպրոցական ասմունքի 6-րդ մրցումը։

Յանուն Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ եղաւ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան, կատարեց բացման աղօթքը եւ փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանին օրհնութիւններն ու յաջողութեան բարեմաղթութիւնները։

Խօսք առին Ազգ. Վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի ատենապետուհի Տիկին Լիզա Կապուտեան եւ անդամ Տիկին Լենա Գորթոշեան եւ Ազգ. Շամլեան վարժարանի փոխ տնօրէնուհի Տիկին Ռիթա Գաբրիէլեան։

Դատական կազմին մաս կը կազմէին Տեարք Գրիգոր Օկարեան,Գէորգ Պետիկեան, Սայաթ Բաբումեան եւ Մկօ փանոսեան ու Տիկնայք Թագուհի Արզումանեան եւ Մարալ Վարժապետեան։

Մրցումին մասնակցութիւն բերին աւելի քան 100 աշակերտներ Ազգային Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս, Մեսրոպեան, Ֆերահեան, Մարի Գապայեան, Վ. եւ Ա. Շամլեան, Արի Կիրակոս Մինասեան, Հ.Բ.Ը.Մ. Մանուկեան-Տէմիրճեան, Հ.Բ.Ը.Մ. Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան, Սահակ-Մեսրոպ, եւ Հայ Քոյրերու վարժարաններէն, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի Շաբաթօրեայ վարժարաններէ։

Այսպէս, հնչեցին Դանիէլ Վարուժանի, Սիամանթոյի, Համաստեղի, Արամ Հայկազի, Մուշեղ Իշխանի, Յովհաննէս Շիրազի, Եղիշէ Չարենցի, Աւետիք Իսահակեանի եւ այլ գրողներու ստեղծագործութիւններէն ընտրուած բանաստեղծութիւններ, ձեռնարկը վերածելով Հայ բանաստեղծութեան փառատօնի։

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ Մարմինի թելադրանքով, ընտրուած էին մարդկային արժանիքներ դրուատող գրութիւններ, որոնք աշակերտներուն կողմէ ընկալուած էին եւ լաւագոյնս դրսեւորուեցան ասմունքի նախնական տուեալներու յարգումով, ապրումով եւ գեղեցիկ առոգանութեամբ, որոնք ներկաները ներշնչեցին, որ ապագայի խոստումներ եւ յոյսեր փայփայեն։

Ներկաներուն մէջ ստուար թիւ կը կազմէին ծնողները, որոնք շարունակ ծափողջոյններով քաջալերեցին աշակերտները, տօնական մթնոլորտ ստեղծելով սրահէն ներս։

Աւարտին, բոլոր մասնակիցները գնահատագիրներ ստացան Խնամակալ Մարմինին ու Հայաստանի կառավարութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ նուէրներ Ազգ. Առաջնորդարանէն։

Յառաջիկայ օրերուն, դատական կազմին գնահատականները պիտի համադրուին ու հաղորդուին վարժարաններուն։ Մրցանակաբաշխումը տեղի պիտի ունենայ ի մօտոյ, Ազգ. Առաջնորդարանին մէջ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022