Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօնակատարութիւն

Աւանդութիւն դարձած քաղցր սովորութեան համաձայն, Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցւոյ ծխական մեծ ընտանիքը այս տարի եւս, Կիրակի, 19 Յունուար 2020-ին, մեծաշուք հանդիսութեամբ, եպիսկոպոսական Ս. Պատարագով, յաւուր պատշաճի քարոզով, մատաղօրհնէքով ու սիրոյ սեղանի շուրջ նշեց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը:

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ս. Պատարագ մատուցանեց ու տօնին խորհուրդը վեր առնող իր պատգամը փոխանցեց ներկայ հաւատացեալներուն: Ս. Սեղանին սպասարկեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Վիգէն Աւ. Քհնյ. Վասիլեան։

Հաւատացեալներուն կողքին ներկայ էին Ազգ. Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Վահէ Եագուպեան, Ազգ.
buy aciphex online blackmenheal.org/wp-content/themes/twentytwentytwo/inc/patterns/en/aciphex.html no prescription

Վարչութեան անդամներ Տոքթ. Նաւասարդ Գազազեան ու Տիար Ճորճ Չորպաճեան, Հ.Յ.Դ. «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան, Ազգ. Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս վարժարանի եւ Մարի Փոսթոյեան մանկամսուրի, ՀՕՄ-ի «Մայր» եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Լոս Անճելըս մասնաճիւղերու, Րաֆֆի Ռումանահայ Մշակութային եւ Հայրենակցական Միութեան, Տարօն Տուրուբերան Հայրենակցական Միութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Եղբայրակցութեան ներկայացուցիչներ, եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերարն ու օծման կնքահայր՝ Տիար Վահէ Կարապետեան եւ Տիկին Վերոնիք Մօնիք, եկեղեցւոյ խորանի բարերար՝ Յակոբ եւ Հայկուհի Դաղլեան ամոլը, ժողովականութեան անդամներ եւ բարերարներ։

Առաջնորդ Սրբազանը իր քարոզին բնաբան ընտրած էր շարականագրի հետեւեալ բառերը. «Երկինքէն մեզի օգնութեան հասիր, ո՛վ Ս. Յովհաննէս, առաքեալ եւ մարգարէ, Կարապետ եւ Մկրտիչ Աստուծոյ Որդւոյն, բոլորս կը խնդրենք որ Քրիստոսի մօտ բարեխօս ըլլաս մեզի»։ Ան դիտել տուաւ, որ Ս. Յովհաննէս Աստուծոյ կողմէ իրեն սահմանուած առաքելութիւնը ի կատար ածեց՝ Անոր հնազանդելով եւ խոնարհ ծառան հանդիսանալով։ «Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ Ս. Հոգիով զօրացած, Աստուծոյ կոչին ընդառաջեց եւ մէկ ուղղութեամբ ապրեցաւ՝ իր աչքերը մշտապէս սեւեռելով Աստուածորդւոյն եւ իր հետեւորդները ուղղելով Անոր։ Ո՛չ մէկ խոչընդոտ զինք շեղեցուց Աստուծմէ, իր առաքելութենէն եւ գերագոյն նպատակէն, այլ իր բովանդակ կեանքի ընթացքին եւ մինչեւ իր նահատակութիւնը Աստուծոյ խօսքին հնազանդ եւ հաւատարիմ ծառան մնաց», նշեց Առաջնորդ Սրբազանը։

Խօսելով Ս. Յովհաննէս Մկրտչի երկրաւոր առաքելութեան մասին, շեշտեց, որ ան մարգարէներուն ամէնէն մեծը եղաւ, Քրիստոսի ճանապարհը պատրաստողն ու Արեգակին արուսեակը հանդիսացաւ եւ երկինքի արքայութեան ճանապարհին ուղղութիւնը տուաւ՝ ժողովուրդը հրաւիրելով Աստուածորդւոյն ուղղութեամբ։ Կոչ ուղղելով հաւատաւոր ժողովուրդին, ան հրաւիրեց, որ մենք եւս Ս. Յովհաննէսի նման դառնանք արդարախոհ, արդարամիտ, արդարախօս, արդարագործ եւ ճշմարտութեան ջատագով հաւատացեալներ։ Իր պատգամին աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը աղօթք բարձրացուց, որ Սուրբը բարեխօս ըլլայ մեզի համար Աստուծոյ առջեւ, որպէսզի իբրեւ հաւատացեալներ դարձի գալով եւ մեղքերէ թողութիւն ստանալով՝ դառնանք Աստուծոյ հարազատ եւ սիրելի զաւակները։

Ս. Պատարագի աւարտին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ եւ մատաղի օրհնութիւն. «Ամէն, Ալէլուիա» շարականի երգեցողութեամբ օրհնուեցան նուիրաբերուած մատաղը, որպէսզի բժշկութիւն եւ մեղքերու թողութիւն ըլլայ զայն ճաշակողներուն ու նուիրատուներուն:

ՃԱՇԿԵՐՈՅԹ

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական սիրոյ ճաշի հաւաքոյթը։ Օրուան հանդիսավար՝ Հոգաբարձութեան անդամ Բարշ. Սուրէն Սրկ. Հազարեան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին եւ ներկայացուց յայտագիրը։ Առաջնորդ Սրբազանը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը, որմէ ետք սկիզբ առաւ յայտագիրը։

Ինչպէս ամէն տարի, գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Կիրակնօրեայի եւ Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս վարժարանի աշակերտներ՝ արտասանութեամբ, երգով, պարով ու նուագով ճոխացնելով ճաշի մթնոլորտը:

Այս հանդիսութեան առիթով, եկեղեցին ունի նաեւ բարի աւանդութիւն մը՝ գնահատել եկեղեցւոյ բազմավաստակ անդամներէն մէկը: Այս տարի, պատիւի արժանացաւ Ս. Խորանի սպասարկու եւ գաղութի գործօն անդամ՝ Տիար Արթուր Արթէնեան։

Տ. Վիգէն Աւ. Քահանայ ներկայացուց մեծարեալին կենսագրական գիծերն ու ազգանուէր վաստակը, ապա հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն հետ յանձնեց գնահատանքի յուշատախտակ մը։ Հանդիսութեան ներկայ եղաւ նաեւ Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Տիար Տէյվիտ Ռիու, որ իր կարգին գնահատագիր մը յանձնեց մեծարեալին։

Ապա, Տէր Հայրը բեմ հրաւիրեց Առաջնորդ Սրբազանը, իր գնահատանքի խօսքը փոխանցելու։

Առաջնորդ Սրբազանը գնահատեց հոգեւոր հովիւը, երեսփոխանական կազմը, հոգաբարձութիւնը, տիկնանց միութիւնը, Կիրակնօրեայ եւ Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս Վարժարաններու անձնակազմերը իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար։ Շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր նուիրեալներուն, յատկապէս եկեղեցւոյ օծման կնքահայր եւ ձեռնարկի հովանաւոր՝ Տիար Վահէ Կարապետեանին ու Տիկին Վերոնիք Մօնիքին։ Ան յատուկ կերպով գնահատեց օրուան մեծարեալը եւ յայտնեց, որ յանուն Ազգ. Վարչութեան ու անձնապէս ուրախութիւն ունի օրհնութեան եւ գնահատանքի գիր մը շնորհելու, զոր Տէր Հայրը ընթերցեց։ Առաջնորդ Սրբազանը նշած էր, որ «Արթուր Արթէնեանի կեանքն ու եկեղեցանուէր վաստակը գործնական ու պերճախօս վկայութիւնն են ազնիւ հայու եւ հաւատացեալ քրիստոնեայի արժանիքներուն։ Ան ո՛չ միայն Հայ Եկեղեցւոյ մէջ իր ծառայութիւնը բերած է, այլեւ մեր գաղութի կազմակերպութեանց ու միութեանց մշտապէս իր նիւթաբարոյական աջակցութիւնը ցուցաբերած է»։ Ան նաեւ գնահատանքով յիշած էր, որ Արթուրի հետեւողական եւ անդուլ ճիգերով 2015-ին Հաուայի նահանգի Ծերակոյտը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը։

Տօնական այս ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» աղօթքով եւ Հայաստանի քայլերգով։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022