UCLAԻ DREAM FUNDԸ ԱՌԱՏԱՁԵՌՆ ՆՈՒԷՐ ՄԸ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԼԱՍ ՎԵԿԱՍԻ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Ազգային Վարչութիւնը, Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւն ու ծխական յանձնախումբը ուրախ են յայտարարելու, որ »Լինսի« Հիմնարկութեան կողմէ UCLA-ի մէջ հաստատուած Dream Fund-ը առատաձեռն նուիրատուութիւն մը կատարած է Լաս Վեկասի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ու Հայկական Մշակութային Կեդրոնին։

Այս նուիրատուութիւնը պիտի յատկացուի եկեղեցւոյ զանազան ծրագիրներու իրականացման, նկատի ունենալով Լաս Վեկասի մեր համայնքին աճն ու կարիքները։

Շրջանին հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Աւետիս Աւ. Քհնյ. Թորոսեանի եւ Ծխական Յանձնախումբին նպատակն է եկեղեցին ու մշակոյթի կեդրոնը դիւրաւ հասանելի դարձնել հայ նորահաս սերունդին, առաւե՛լ հոգալու համար մեր լեզուին, պատմութեան ու մշակոյթին ծանօթանալու անոր կարիքները։ Ծրագրուած են նաեւ երէցներու եւ տարեցներու յատուկ աշխատանքներ, ներառեալ երթեւեկի յատուկ միջոցներ ապահովել դէպի Ս. Կարապետ եկեղեցի, որպէսզի անոնք շրջապատէն ներս զգան ընտանեկան մթնոլորտի մէջ։ Կեդրոնը պիտի օժտուի հայերէն լեզուի ու պատմութեան ուսուցման-ծանօթացման արդիական միջոցներով, ինչպէս նաեւ հայկական գրադարանով մը, օժտուած հայկական թերթերով ու մամուլով՝ ազգային ու միջազգային աղբիւրներէ։

Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ ծխական յանձնախումբի ատենապետ Տիար Ատրուշան Արմէնեան յայտնեց, թէ »UCLAի յարկին տակ հաստատուած Dream Fundի յիշեալ յատկացումին կողքին, ծխական շրջանը բացառիկ պատեհութիւնը ունի յաւելեալ հանգանակութիւն կատարելով՝ ամբողջացնել եկեղեցւոյ ու համալիրին այլ բաժիններուն շինարարութեան ու ապագայի յարակից կարիքները։ Արդարեւ, Dream Fundը նոր առիթ մը կու տայ՝ շրջանիս մէջ յառաջիկայ հանգանակութենէն գոյանալիք գումարին հաւասար յաւելեալ յատկացում մը կատարելու։ Այս յանձնառութիւնը ազնիւ մարտահրաւէրի մը դիմաց կը դնէ մեր շրջանը, որովհետեւ պայմանաժամը երկար չէ ու կþաւարտի 2013ի սկիզբը«։ Պրն. Ա. Արմէնեան կոչ ուղղեց զօրակցելու Լաս Վեկասի մեր գաղութին, որպէսզի նոր նուիրատուութիւններով, ծրագիրին յաջող աւարտը ապահովող հիմնադրամը գոյանայ շուտով։ »Ասիկա Լաս Վեկասի հայութեան համար պատմական ու անկորնչելի առիթ է, որպէսզի կարելի ըլլայ մեր ու ապագայ սերունդներուն երազները իրականացնել«, շեշտեց Տիար Արմէնեան։

Առաջնորդ Սրբազանը, Ազգային Վարչութիւնը, եկեղեցւոյ հովիւն ու ծխական յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնեն Dream Fundին, այս առատաձեռն նուիրատուութեան համար, որ մեծապէս պիտի նպաստէ եկեղեցւոյ ծրագիրներուն իրականացման։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022