ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Կիրակնօրեայ Վարժարանը հայ մանկան եւ պատանիին ընկերային շինիչ միջավայրի մէջ, կը փոխանցէ քրիստոնէական դաստիարակութիւն եւ աստուածաշնչական հիմունքներով ուսման ծրագիր։ Աշակերտներու կ՛ուսուցուին եւ իրազեկ կ՛ըլլան քրիստոնէական աստուածաբանութեան, Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ուղղափառ վարդապետութեան, հայոց պատմութեան, մշակոյթին, շարական երգերուն, բարոյական արժէքներուն եւ աւանդութեանց։

Ուսումնական տարին կը սկսի Սեպտեմբերին, Վերացման Ս. Խաչի Կիրակիին, եւ դասաւանդութիւնները կ՛աւարտին Մայիսին։ Աշակերտներ տարուան ընթացքին կրնան յարմար որեւէ ատեն արձանագրուիլ։ Արձանագրութեանց եւ յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կրնաք դիմել կամ կապ հաստատել ձեր ծխական շրջանի եկեղեցւոյ գրասենեակին հետ։

Կիրակնօրեայ Վարժարաներու Վերահսկող Մարմին
Տ. Մուշեղ Ս. Արք. Մարտիրոսեան – Առաջնորդ եւ Նախագահ
Տիար Րաֆֆի Թորոսեան (Համա-Ատենապետ)
Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան (Համա-Ատենապետ)
Խաչիկ Սրկ. Շաննագեան (Ատենադպիր)
Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան
Տիկ. Անի Մարապեան
Տիկ. Ծովիկ Քէլլէեան
Տիկ. Սօսի Կիւրեղեան
Տիկ. Սեդա Քէչէճեան
Տիկ. Էլմաստ Քիլէճեան
Տիկ. Ազնիւ Ագըլեան
Տիկ. Ալին Սարգիսեան-Նիկողոսեան

Ժամանակացոյց
Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի, Ֆրեզնօ: կ.ա. 10:15էն 12:00, բոլոր տարիքներու համար
Ս. Խաչ Մայր Տաճար, Մոնթեպելլօ: կ.ա. 10:30էն 12:30, մանկապարտէզէն երկրորդական վարժարանի տարիքներու
Ս. Նահատակաց Եկեղեցի, Էնսինօ: կ.ա. 11:00էն 1:00, 4-18 տարիքներու
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, Սան Ֆրանսիսքօ: կ.ա. 11:00էն 1:00, 4-12 տարիքներու
Ս. Կարապետ Մայր Եկեղեցի, Հոլիվուտ: կ.ա. 10:30էն 12:30, 4-15 տարիքներու
Ս. Աստուածածին Եկեղեցի, Կլենտէյլ: կ.ա. 10:30էն 12:30, 4-11 տարիքներու
Ս. Սարգիս Եկեղեցի, Փասատինա: կ.ա. 10:30էն 12:30, 4-11 տարիքներու
Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցի, Օրէնճ Քաունթի: կ.ա. 11:00էն 12:30, 4-15 տարիքներու
Ս. Կարապետ Եկեղեցի, Լաս Վեկաս: կ.ա. 11:30էն 1:00
Նորթ Հոլիվուտ: կ.ե. 2:00էն 4:00, 4-11 տարիքներու
Քրեսենթա Հովիտ: կ.ա. 11:00էն 12:30, 4-14 տարիքներու

Դասընթացք
Սեպտեմբեր (pdf)
Հոկտեմբեր (pdf)
Նոյեմբեր (pdf)
Դեկտեմբեր (pdf)
Յունուար (pdf)
Փետրուար (pdf)
Մարտ (pdf)
Ապրիլ (pdf)
Մայիս (pdf)
Յունիս (pdf)

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022