Չորեքշաբթի, 11 Յուլիս 2018-ին, Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետարանի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ նոր քաղաքապետ Լանտըն Պրիտի երդման արարողութիւնը։
Յանուն Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան։ Հայր Սուրբին կ’ընկերանար Սան Ֆրանսիսքոյի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամ Տիար Հայկ Պաղտասարեանը։ Ներկայ էին քաղաքական, դիւանագիտական, կրօնական, զինուորական, քաղաքի նուիրեալ ծառայողներ եւ խուռներամ ժողովուրդ։
Հայր Սուրբը Առաջնորդ Սրբազան Հօր ողջոյններն ու շնորհաւորանքները փոխանցեց քաղաքապետի աշխատակիցներուն, յոյս յայտնելով, որ մօտիկ ապագային աւելի սերտ յարաբերութիւններ մշակուին Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին եւ քաղաքապետին միջեւ։