Հանրապետական Մաղթանք եւ Եռագոյնի Օրհնութիւն Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ Մէջ


Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 99-րդ տարեդարձին առթիւ եւ վերանկախացման 26րդ տարեդարձի նախաշեմին, Կիրակի, 28 Մայիս 2017-ին, Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, Արեւմտեան մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Հանրապետական Մաղթանք կատարուեցաւ, իսկ Էնսինոյի Ս. Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազանին, տեղի ունեցաւ Եռագոյն Դրօշի օրհնութիւն։ Արարողութեանց աւարտին, հոգեհանգիստ տեղի ունեցաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի, Բաշ Ապարանի եւ Հանրապետութեան կերտումին համար մղուած ճակատամարտներուն, ինչպէս նաեւ մերօրեայ պաշտպանական մարտերուն զոհուած նահատակներուն յիշատակին։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հանդիսապետեց Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին, զոր մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Ռազմիկ Աւ. Քհնյ. Խաչատուրեան։ Ներկայ էին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի լիազօր հիւպատոս Տիար Վալերի Մկրտումեան, Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.-ի անդամ Տիար Մարտիկ Կապուտեան, Ազգ. Վարչութեան ատենադպիր Տիար Անդրանիկ Գասպարեան, Հ.Յ.Դ. «Ռոստոմ» ու «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութեանց անդամներ, երեսփոխաններ եւ հոգաբարձութեան անդամներ։

«Ուրախ Լեր» շարականին երգեցողութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Մասիս» մասնաճիւղի սկաուտներն ու արենոյշները Եռագոյն Դրօշը թափօրով առաջնորդեցին դաս, ուր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը կատարեց Հանրապետական Մաղթանքն ու դրօշի օրհնութիւնը. շարականներու երգեցողութեամբ եւ սաղմոսներու ու աւետարանի հատուածներու ընթերցումով, աղօթք ու աղերս բարձրացուեցաւ առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ հայրենիքի պաշտպաններն ու անսասան ու խաղաղ պահէ Հայաստան աշխարհը։ Աւարտին, հաւատացեալներու եւ դպրաց դասի անդամներու երգակցութեամբ հնչեց «Մեր Հայրենիք» քայլերգը:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ այս պանծալի եւ խորհուրդներով լի օրուան համար, ապա ողջունեց ներկայ պաշտօնատարներն ու հաւատացեալները։

Իր պատգամին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը առաջին հերթին վեր առաւ մեր Տիրոջ եւ Փրկչին Յիսուս Քրիստոսի Համբարձման խորհուրդը, եւ յիշեցուց, որ յառաջիկայ Կիրակի Հոգեգալուստի տօնն է, երբ Ս. Հոգին իջաւ առաքեալներուն վրայ եւ զօրութեամբ լեցուց զանոնք՝ Քրիստոսի վկաները դարձնելով։ Ան մաղթեց, որ Ս. Հոգին իջնէ բոլորին վրայ եւ Աստուծոյ պարգեւներով վերանորոգէ բոլորը երկնային իմաստութեամբ ու շնորհքով։

Խօսելով օրուան եկեղեցական խորհուրդին մասին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ըսաւ, որ այս Կիրակին կը կոչուի Երկրորդ Ծաղկազարդ եւ կամ Մեծահրաշի Կիրակի, որ ազգային եւ կրօնական խորիմաստ նշանակութիւն ունեցող տօն է, որովհետեւ կապուած է մեր Հաւատոյ Հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի խորվիրապեան հրաշապատում կեանքին։

Անդրադառնալով Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան ստեղծման պայմաններուն եւ Սարդարապատով ու այլ ճակատամարտներով շահուած անկախութեան, Առաջնորդ Սրբազանը Հայրը նշեց, որ «Հայաստանի Հանրապետութեան ստեղծումը պսակումն էր դարաւոր այն պայքարին, որ մեր ժողովուրդը մղած է՝ իր ինքնութիւնը պահպանելու եւ ճակատագիրը սեփական բազուկով տնօրինելու նպատակով։ Մայիս 28-ը մեր նորագոյն պատմութեան մէջ արձանագրուեցաւ թէ՛ իբրեւ ռազմական եւ թէ բարոյական յաղթանակի խորհրդանիշ, ուղեցոյց դարձաւ մեր պայքարի երթին, այսօ՛ր ալ, իբրեւ լուսատու փարոս՝ կը կանգնի մեր հորիզոններուն դիմաց», շեշտեց ան։

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ յառաջիկայ տարի այս պատմական նուաճումին 100-ամեակն է, յիշեցնելով, որ հայ ժողովուրդը դար մը առաջ յաջողեցաւ ընդարձակել հայրենիքին տարածութիւնը, հիմքը դնել ազգային բանակին, պետական համալսարանին, ինքնորոշ կեանքին ու մշակոյթին։

Անդրադառնալով Մայիս 28ին անժամանցելի աւանդին եւ գալիք սերունդներուն փոխանցած կտակին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շեշտեց. «Ազնիւ մարտահրաւէր մը ունինք մեր դիմաց. տեղի չտալ որեւէ տեսակի ճնշումի, սակարկութեան առարկայ չդարձնել մեր պատմական հողերուն որեւէ մէկ շերտը, այլ «պայքա՜ր, պայքա՜ր երգել»ով՝ գործել ի խնդիր մեր բոլոր հողերուն հայրենիքին վերադարձին, ողջ հայութեան Հայաստանի մէջ համախմբումին»։

Եզրափակելով իր պատգամը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յորդորեց վերապրեցնել Աւարայրը կերտողներու անձնուրաց ոգին, վերակենդանացնել Վահանեանց խոյանքն ու իրաւատիրութիւնը, ապրիլ ու վերստին հարստանալ սեփական հողի ու ճակատագիրի տիրութեան Բագրատունիներու, Ռուբինեաններու եւ Զարթօնքի սերունդին ժառանգութեամբ։

Նկատի ունենալով, որ յաջորդ օրը՝ Երկուշաբթի, 29 Մայիսը Միացեալ Նահանգներու «Յիշատակի Օր»ն էր՝ Memorial Day-ը, «Տէր Ողորմեա»ի ընթացքի յատուկ յիշատակութեան արժանացան Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան ու ապահովութեան ի խնդիր զոհաբերուած զինուորները։

Նշենք, որ Առաջնբորդ Սրբազանին պատգամը մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ ընթերցուեցաւ պատարագիչ հոգեւոր հայրերուն կողմէ։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022