Արամ Ա. Կաթողիկոսի «Արցախի Տարի» Հռչակագրին Ընդառաջ – Ազգային Առաջնորդարանը Կը Հաստատէ Նոր Հիմնադրամ՝ «Նահատակի Ընտանիքին»

Չորեքշաբթի, 24 Մարտ 2021, երեկոյեան ժամը 7ին, նախագահութեամբ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեանի, Ազգային Առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան Մեծ Պահոց հսկումի վերջին արարողութիւնը եւ կատարուեցաւ մոմավառութիւն՝ վասն խաղաղութեան հոգւոցն հայոց քաջարի նահատակացն: Արարողութեան մասնակցեցան Թեմիս Հոգեւորականաց դասը, ներկայութեամբ Ազգային վարչութեան, Տիկնանց Օժանդակ մարմինին եւ հաւատացեալներու:

Արարողութեան աւարտին Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն՝ խօսելով քրիստոնեայ մարդուն կեանքէն ներս Մեծ Պահոց ունեցած հոգեկրթիչ դերին մասին՝ միաժամանակ յիշեցնելով, որ Աւագ Շաբթուան նախօրեակին կը հրաւիրուինք մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնելու մեր Տիրոջ եւ Փրկչին՝ Յիսուս Քրիստոսի վրայ եւ հաղորդ դառնալու Անոր երկրաւոր կեանքի վերջին օրերու դէպքերուն, ապա կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Այս օրհնեալ պահուն, երբ հաւաքուած ենք Ազգային Առաջնորդարանի մէջ, Թեմիս Կրօնական ժողովին ու Ազգային վարչութեան հետ համախորհուրդ նոր հիմնադրամ մը կը հաստատենք Ազգային Առաջնորդարանէն ներս, «Նահատակի Ընտանիքին» անունով: Հիմնադրամին նպատակն է օժանդակութեան բարի ձեռք երկարել Արցախի հայրենական պատերազմին զոհուած նահատակներու ընտանիքներուն»: Յաւելեալ բացատրութիւն տալով՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նշեց, որ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Օժանդակ մարմինը յատուկ ճիգ թափելով, Մեծ Պահքի ուտեստներ պատրաստելով եւ վաճառելով, ինչպէս նաեւ հոգեւորական հայրերու զօրակցական օգնութեամբ, անցնող օրերուն Ազգային Առաջնորդարանը յաջողեցաւ հանգանակել շուրջ 50 հազար տոլարի գումար, որուն շնորհիւ կարելի եղաւ կեանքի կոչել նշեալ հիմնադրամը, որ գործել պիտի սկսի անմիջապէս: Պարզուեցաւ, որ 249 հայ տուներուն մէջ նոյն պահուն պիտի վառին մոմեր, եւ մէկ մոմ՝ Առաջնորդարանին մէջ:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին Պերճ Քիրազեան մեկնաբանեց «Գթա՛, Տէր» շարականը, որուն լուսասփիւռ հնչիւններուն տակ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ձեռքով վառեց Առաջնորդարանին մոմը: Երեկոն փակուեցաւ «Մեր Հայրենիք» քայլերգի համախումբ երգեցողութեամբ:

Յայտնենք, որ 250 մոմերու բարերարութիւնը ստանձնած էին Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան կազմի ատենապետուհի տիկին Մատլէն եւ ամուսինը՝ տիար Սարգիս Աշճեան:

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022