Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան Բարերար Ամոլը Գլխաւոր Հովանաւոր՝ «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան Ընթրիք»ին

Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ Բարձր. Տ. Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան, Կրօնական Ժողովը, Ազգ. Վարչութիւնն ու Տիկնանց Օժանդակ Մարմինը ուրախ են յայտարարելու, որ ազգային բարերար՝ Տէր եւ Տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլը ստանձնած է «Առաջնորդ Սրբազան Հօր Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ի գլխաւոր հովանաւորութիւնը։

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Ս. Ծննդեան օրը, Երկուշաբթի, 6 Յունուար 2020-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի «Բաղրամեան» սրահին մէջ:

Գնահատելով բարերարներուն երկարամեայ նուիրաբերումը, Առաջնորդ Սրբազանը հաստատեց, «Մեզի համար յատկապէս աւելի նշանակալից է այս տարուան ձեռնարկը, որովհետեւ մեր Թեմի ծառայական կեանքին տեղապահութեան եւ առաջնորդութեան տարիներուն 25-րդ «Նոր Տարուան եւ Ս. Ծննդեան աւանդական ընթրիք»ն է, զոր կը կազմակերպենք եւ որուն պիտի նախագահենք։ Երախտապարտ ենք Մելքոնեան ընտանիքին առատաձեռն նուիրատուութիւններուն ու զօրակցութեան համար, որոնք ուղղուած են մեր եկեղեցւոյ ու ազգին, եւ ի մասնաւորի Ազգային Առաջնորդարանին, մեր ծուխերուն ու վարժարաններուն, Հայ Դատին եւ համայնքային բազմաթիւ կազմակերպութեանց»։

Print Friendly, PDF & Email

ՎԵՐՋԻՆ ԼՈՒՐԵՐ

Ս. Խաչ Ծխական Համայնքի 100-Ամեակ, Մոնթեպելլօ

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Ազգային Առաջնորդարանէն քրիստոնէական ջերմագոյն սիրով, միաժամանակ ազգային արդար հպարտութեամբ կ՛ողջունենք Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր Տաճարի... [...]

Ուսումնական 2022-2023 Տարեշրջանի Վերամուտի Առիթով

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ Քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ հայրական անհուն գորովով Ազգային Առաջնորդարանէն կ՛ողջունենք Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, Ուսումնական... [...]

ՊԱՏԿԵՐԱՍՓԻՒՌԻ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

October 23, 2022 October 16, 2022